Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Յակոբ Կակոսեան Պարգեւատրուեացաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Շքանշանով

Յակոբ Կակոսեան Պարգեւատրուեացաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Շքանշանով

by MassisPost

Կիրակի, 22 Մայիս 2022, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ վաստակաշատ նուիրեալ Յակոբ Կակոսեանը թեմի բարեջան առաջնորդ Գեր. Տ. Յովնան Արք. Տէրէտրեանի միջնորդուեթամբ« արժանացաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի պատուոյ բարձր շքանշանին եւ հայրապետական կոնդակին:

Gagossian

Այս առիթով մատուցուած հանդիսաւոր պատարագի ընթացքին, պատարագիչ Յովնան Սրբազան, բարձր գնահատեց մեծարանքի արժանացած նուիրեալ Յակոբ Կակոսեանը, իր աւելի քան եօթ տասնմեակներ եկեղեցանուէր ու մշակութանուէր գործունէութեան համար զոր կատարեց անխոնջ եւ կամաւոր ծառայութեամբ:

«Մասիս» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ մերծարեալը մաղթելով քաջառողջութիւն« յարատեւութիւն եւ բարօր տարիներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment