Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հիմնադրութեան 116-րդ Տարեդարձը Փասատինայի Մէջ

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հիմնադրութեան 116-րդ Տարեդարձը Փասատինայի Մէջ

by MassisPost

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) հիմնադրութեան 116-րդ տարեդարձը պատշաճ կերպով նշուեցաւ անցեալ Կիրակի, Մայիս 22-ին, կ.ե. ժամը 3-ին, Փասատինայի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կատարողական արուեստի հանդիսասրահին մէջ:

Թալին Թուլումեանի եւ Թէնի Խաչատուրեանի հանդիսավարութեամբ սոյն միջոցառումն սկսաւ ՀԲԸՄ-Հ.Ե.Ը.ի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ եւ ԱՄՆ-ի ու Հայաստանի զոյգ քայլերգերու ունկնդրութեամբ:

Հայ իրականութենէն ներս աշխարհատարած ազգային բարեսիրական մեծագոյն կազմակերպութեան ՀԲԸՄ-ի ծնունդ տուող պատճառներուն եւ ապա 116 տարիներու հայրենանուէր բազմաբնոյթ ծառայութիւններուն մասին հանգամանօրէն արտայայտուեցան Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄ-ի ղեկավարներէն Գոհար Սթամպուլեան, Աստղիկ Տատուրեան եւ Թալին Եագուպեան: Իսկ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան պատգամը կարդաց կեդրոնի անդամ Երուանդ Տէմիրճեանը:

ՀԲԸՄ-ի հայրենանուէր եւ օգտաշատ գործունէութիւնը գնահատող Գալիֆորնիոյ Սենաթի անդամ Անթոնիօ Փորթանթինօ հռչակագիր մը փոխանցեց շրջանի ղեկավարութեան:

Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, ոգեկոչական ելոյթով մը արժեւորեց ՀԲԸՄ-ի դերը մեր ազգային կեանքէն ներս:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Լոս Անճելոսի ՀԲԸՄ-ի երգչախումբին եւ կատարողական արուեստի նպաստընկալ արուեաստագէտներու խումբին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի նորարարներու Սթիւտիոյի բացում ու պատմական յիշատակներու ցուցահանդէս եւ հիւրասիրութիւն Պոյաճեան սրահին մէջ:

agbu-6 agbu-2 agbu-4 agbu-3

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment