Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Քաղաքական Յայտարարութիւնը

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Քաղաքական Յայտարարութիւնը

by MassisPost

«Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խորհրդատու մարմինն է, որը քննարկում է Հայ Եկեղեցու վարչական, կազմակերպչական, մշակութային, տնտեսական եւ շինարարական հարցերը», գրուած է Մայր Աթոռի կայքէջին վրայ:

Ինչպէս կը տեսնենք, յիշուած հարցերու շարքին կը բացակայի քաղաքականը, սակայն Մայիսի 17-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութիւնը իր բովանդակութեամբ ամբողջովին քաղաքական է եւ կարծէք թէ, գրուած է Երեւանի փողոցներուն վրայ ընդդիմութեան գործողութիւններուն սատարելու նպատակով:

Նախքան ժողովը հրապարակուած տեղեկատուութեան մէջ կը յայտնուէր թէ,  քննութեան պիտի առնուին Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան ընթացքին, Միւռոնօրհնութեան կազմակերպման, Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ներս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կրթադաստիարակչական առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Եկեղեցու վարչական, կանոնական ու հովուական կեանքին առնչուող հարցեր:

Յուսանք որ, այդ բոլոր հարցերը քննարկուած են ժողովականներուն կողմէ, սակայն անոնց մասին եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադառնալը պատեհ չէ նկատուած, ու կեդրոնացումը ամբողջութեամբ եղած է Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակներուն վրայ` տողատակերով քննադատութեան ենթարկելով Հայաստանի կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը ու մօտաւորապէս կրկնելով ընդդիմութեան տեսակէտները:

Հայ Եկեղեցին  ապաքաղաքական հաստատութիւն ըլլալով հանդերձ  մեր ազգային կարեւորագոյն կառոցներէն մին է եւ իրաւունք ունի տեսակէտ յայտնելու եւ  յորդորելու Հայ ժողովուրդի զաւակները` ընդհանրական հարցերու շուրջ: Սակայն խնդրայարոյց կը դառնայ, երբ Եկեղեցին մուտք կը գործէ քաղաքականութեան արահետներէն ներս ու կը սկսի սլաքները ուղղել հակադիր կողմերէն մէկուն` ի նպաստ միւս կողմին:

Նոյնանման քաղաքական յայտարարութեամբ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը հանդէս եկաւ  անցեալ տարուայ Փետրուարին, երբ ընդդիմութիւնը դարձեալ փողոց դուրս եկած էր` պահանջելով վարչապետի հրաժարականը: Այդ ժամանակ Մայր Աթոռը եւս միացած էր Վարչապետի հրաժարականի պահանջին, որուն համար արժանացած էր քննադատութեան պետական ու ժողովրդային շրջանակներուն կողմէ, որոնք համաձայն չէին Եկեղեցւոյ նման բացայայտ ու կողմնակալ  միջամտութեան` երկրի քաղաքական կեանքէն ներս:

Այժմ, նման  յայտարարութեամբ Մայր Աթոռը կու գայ հասկցնելու թէ, կը մնայ նոյն տեսակէտին վրայ, հակառակ որ, այդ թուականէն ետք տեղի ունեցան ընտրութիւններ ու Հայաստանի ժողովուրդը ըսաւ իր խօսքը:

Երկրորդ հարցադրումը, որ այս առթիւ կը կատարուի շատերուն կողմէ, կը վերաբերի վերջին տասնամեակներուն իրադաձութիւններու նկատմամբ Եկեղեցւոյ որդեգրած լռութեան ու անտարբեր մօտեցումին: Մարտ 1-ի սպանդի օրերուն ու անոր նախորդած ու յաջորդած ժողովրդային բոլոր ընդվզումներու եւ բողոքի ցոյցերուն առթիւ կը պատճառաբանուէր թէ, «Եկեղեցին քաղաքականութեամբ չզբաղիր»: Սակայն յանկարծ, թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, կարգ մը եկեղեցականներ  դարձած են քաղաքական գործիչներ եւ ամէն առիթով պատրաստ են քննադատելու իշխանութիւններու որոշումներն ու վարած քաղաքականութիւնը` այլեւայլ հարցերու շուրջ, եւ յաճախ ալ մասնակցելով ընդդիմութեան հանրահաւաքներուն:

Այսպիսով Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին միջեւ յառաջացող անջրպետը կը խորանայ, շատեր կը հեռանան եկեղեցիէն եւ ուրիշներ ընկերային հարթակներ կը դիմեն արտայայտելու համար իրենց ընդվզումը, այդ առթիւ օգտագործելով նաեւ վիրաւորական արտայայտութիւններ` եկեղեցականներու հասցէին: Այս երեւոյթները կանխելու համար Եկեղեցին պէտք է վերատասութեան ենթարկէ իր մօտեումները` հեռու մնալով  քաղաքական հարցերէն, հանդէս գայ բացառապէս ազգային մտահոգութիւններէ մղուած ու նկատի առնէ նաեւ տեսակէտը այն ժողովուրդին, որուն հոգեւոր ծառայութեան կոչուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցին ու անոր սպասաւորները:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment