Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գործընթացները Արդէն Ոչ Թէ Իշխանութեան, Այլ Հանրութեան Դէմ Են․ Վարչապետը` Ընդդիմութեան Գործողութիւններուն Մասին

Գործընթացները Արդէն Ոչ Թէ Իշխանութեան, Այլ Հանրութեան Դէմ Են․ Վարչապետը` Ընդդիմութեան Գործողութիւններուն Մասին

by MassisPost

Ընդդիմութեան կողմէ իրականացուող բողոքի գործողութիւններուն քաղաքական նշանակութիւնը այլեւս սպառած է, եւ տեղի ունեցող գործընթացներու հիմնական իմաստը հանրութեան համար առաւելագոյն անյարմարութիւններ ստեղծելն է:

Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ նման կարծիք յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` պատասխանելով «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանի հարցին, որ կը վերաբերէր «Դիմադրութեան» շարժման բողոքի գործողութիւններուն: Պատգամաւորը նշեց, որ «խորհրդարանական ընդդիմութիւնը մէկ ամիս շարունակ բողոքի գործողութիւններ է իրականացնում եւ, չստանալով ժողովրդի աջակցութիւնը, դիմում է զանազան սադրանքների»: Ջուլհակեանի հարցին, թէ վարչապետը ինչպէ՞ս կը տեսնէ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծումը, Փաշինեանը պատասխանեց, որ, իր գնահատականով, ստեղծուած իրավիճակը քաղաքական չէ, այլ՝ լոկիսթիք, որովհետեւ խօսքը իրականութեան մէջ քաղաքին մէջ խցանումներու եւ երթեւեկութեան խնդիրներու մասին է:

«Պէտք է անկեղծ ասեմ, որ տեղի ունեցողն իր քաղաքական նշանակութեամբ մի փոքր զիջում է Ծիծեռնակաբերդի խճուղու փլուզմանը: Բայց ուզում եմ ասել, որ այդ գործընթացը սկսուել է քաղաքական շեշտադրումներով, եւ Հայաստանի ընդդիմութիւնը աւելի քան մէկ ամիս հնարաւորութիւն է ունեցել բոլոր հնարաւոր քաղաքական միջոցներով, գործողութիւններով իր ասելիքը հանրութեանը ասել: Սրա նպատակը ի՞նչ է: Սովորաբար, նման գործողութիւնների նպատակը լինում է հետեւեալը․ հանրութեանը ներգրաւել գործընթացի մէջ եւ ձեւակերպել յստակ քաղաքական պահանջ, բայց քանի որ հիմա ակնյայտ է, որ դա տեղի չի ունեցել, հիմա այդ գործընթացները արդէն ոչ թէ իշխանութեան, այլ այլեւս հանրութեան դէմ է: Նրանք ունեն հետեւեալ տրամաբանութիւնը, որ եթէ դուք մեզ չմիացաք, ուրեմն աւելի շատ մնացէք խցանումների մէջ, ուրեմն աւելի շատ ձեզ համար կը ստեղծենք անյարմարութիւններ», ըսաւ Փաշինեանը:

Ըստ վարչապետին`  ընդդիմութիւնը հետեւողականօրէն կ’իրականացնէ իր յառաջ քաշած քաղաքական կարգախօսը` քիչ մը այլ տրամաբանութեամբ:

«Եթէ յիշում էք, այդ քաղաքական ուժը կարգախօս էր հրապարակել, որ իշխանութեանը մինչեւ քոքը մաշեցնելու է, հիմա մենք տեսնում ենք, որ չկարողանալով դա իրականացնել, ինքն իր նկատմամբ է իրականացնում այդ կարգախօսը եւ կարծում եմ, որ պէտք է նրանց առանձնապէս չխանգարել, մինչեւ որ մաշեն», եզրափակեց Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment