Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Պլինքըն Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

Փաշինեան Եւ Պլինքըն Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Պետական քարտուղարը բարձր գնահատած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելուն ուղղուած ՀՀ կառավարութեան ջանքերը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն ընթացքը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ:

Վարչապետ Փաշինեանը տպաւորութիւնները կիսած է Մայիս 22-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման վերաբերեալ, ընդգծելով, որ թէեւ հանդիպումը, ընդհանուր առմամբ, դրական կը գնահատէ, սակայն անկէ յետոյ  ցաւօք հնչած են քննարկումներու բովանդակութեան հետ կապ չունեցող մեկնաբանութիւններ:

Պետական քարտուղարը վերահաստատած է ԱՄՆ պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմաններու սահմանազատման, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման եւ տարածաշրջանային կայունութեան հաստատման:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով Հայաստան-Թուրքիա քննարկումներու ընթացքին: Զրուցակիցները պայմանաւորուած են շարունակել Հայաստան-ԱՄՆ բարձր մակարդակի շփումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment