Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի Պետի Տեղակալ Անդրանիկ Մակարեանի Ու Երեք Բարձրաստիճան Սպաներու Քրէական Գործը Ուղարկուած Է Դատարան

Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի Պետի Տեղակալ Անդրանիկ Մակարեանի Ու Երեք Բարձրաստիճան Սպաներու Քրէական Գործը Ուղարկուած Է Դատարան

by MassisPost

Զինուած Ուժերու պաշտօնատար անձերու կողմէ պաշտօնէական կեղծիք կատարելու, պաշտօնէական անփութութիւն դրսեւորելու եւ պաշտօնէական դիրքը չարաշահելու փաստի առթիւ Քննչական Կոմիտէի վարչութեան մէջ քննուած քրէական գործով ձեռք բերուած են ռազմական դրութեան ժամանակ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու առերեւոյթ յանցաւոր արարքներու վերաբերեալ բաւարար ապացոյցներ, կը յայտնէ Գլխաւոր Դատախազութիւնը:

Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետի տեղակալ Անդրանիկ Մակարեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական Օրէնսգիրքի 375-րդ յօդուածի 4-րդ մասով` «իշխանութիւնը չարաշահելը, իշխանազանցութիւնը կամ իշխանութեան անգործութիւնը ռազմական դրութեան, պատերազմի ժամանակ կամ մարտի պարագաներում», երեք սպաներուն` զօրամասի հրամանատար, զօրամասի շտաբի պետ, զօրամասի համալրման բաժանմունքի պետ, յանցակցութեան եւ այլ յօդուածներով: Քրէական գործը ուղարկուած է Սիւնիք մարզի դատարան:

Դատախազութեան փոխանցմամբ, նախաքննութեամբ պարզուած է, որ Զինուած Ուժերու ԳՇ պետի տեղակալ Ա․Մ.-ն (Անդրանիկ Մակարեանը), որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն պաշտպանութեան հարաւային ուղղութեան զօրախումբի հրամանատարն էր, 2020-ի Հոկտեմբեր 21-ին` ժամը 8-ի սահմաններուն, տեղեկութիւն ստանալով զօրամասի հրամանատար Ա.Ա.-ի խումբի` Կովսական քաղաքի սկզբնամասին մէջ շրջափակման մէջ յայտնուելու մասին, որպէս հրամանատար եւ մարտական խնդիրի կատարման անմիջական պատասխանատու, չէ կազմակերպած դէպքի կազմով հետախուզական դարանակալի մէջ, որ հնարաւորութիւն պիտի տար յայտնաբերելու հակառակորդի շարժման հաւանական ուղիները եւ դիպուկ կրակով ոչնչացնելու հետախուզական խումբը:

Ըստ Դատախազութեան, հրաժարելով Ա.Ա.-ի ղեկավարած խումբի անդամներուն օգնութեան շտապել` ան ենթակայ անձնակազմին տուած է «նահանջ» հրաման, հետեւանքով շրջափակման մէջ յայտնուած Ա.Ա.-ի ղեկավարած 62 հոգինոց խումբի 40 զինուորներէն 5-ը գերեվարուած են, 12-ը` սպաննուած, իսկ մնացեալ 23 զինուորներու, փոխադրակառքի մէկ վարորդի գտնուելու վայրը անյայտ է:

Իր հերթին, ինչպէս Դատախազութիւնը կը նշէ, Պաշտպանութեան Նախարարութեան զօրամասի հրամանատար Ա.Ա.-ն, ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ, չէ կատարած վերադասին կողմէ տրուած յանձնարարականը, որուն հետեւանքով ուղեկցողները ճիշդ չեն ընկալած անձնակազմին նախանշուած վայր հասցնելու խնդիրը, եւ 2020-ի Հոկտեմբեր 21-ին անոցնմէ մէկը Ա.Ա.-ի ղեկավարած խումբին նախատեսուած վայր ուղեկցելու փոխարէն ուղեկցած է մինչեւ Կովսական քաղաքի սկզբնամաս, ուր անձնակազմը ինկած է շրջափակման մէջ, հակառակորդին հետ բռնուած է անհաւասար մարտի` կրելով վերոնշեալ կորուստները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment