Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի Մէջ Կը Նախատեսուի Փաշինեան-Միշէլ-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում

Պրիւքսէլի Մէջ Կը Նախատեսուի Փաշինեան-Միշէլ-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 22-ին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Պրիւքսէլ:

Վարչապետի աշխատակազմին փոխանցմամբ` նոյն օրը Փաշինեան առանձնազրոյց պիտի ունենայ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ:

Պրիւքսէլի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:

Փաշինեան-Միշրլ-Ալիեւ եռակողմ հանդիպում տեղի ունեցած էր անցած ամիս` Ապրիլ 6-ին, Պրիւքսէլի մէջ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պրիւքսէլեան հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուած էին մինչեւ Ապրիլի վերջ համատեղ յանձնաժողով ստեղծել սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով: Կողմերը յայտարարած էին, որ համաձայնեցուցած են յանձնաժողովին կառուցուածքը: Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը յայտնած էր, որ երկկողմ այդ յանձնաժողովի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ Մոսկուայի մէջ, սակայն այն տեղի չունեցաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment