Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ-ի Դեսպանը Խօսած Է Իրաւապահներու Կողմէ Ուժի Կիրառման Եւ Ցուցարարներու Կողմր Միւսներուն Իրաւունքները Չոտնահարելու Մասին

ԱՄՆ-ի Դեսպանը Խօսած Է Իրաւապահներու Կողմէ Ուժի Կիրառման Եւ Ցուցարարներու Կողմր Միւսներուն Իրաւունքները Չոտնահարելու Մասին

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսին անդրադարձած է ընդդիմութեան անհնազանդութեան գործողութիւններու ընթացքին ոստիկաններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջադէպերուն:

«Ժողովրդավարութեան Հայկական Համագումար»ի ընթացքին դեսպանը մտահոգութիւն յայտնած է, որ իրաւապահները ուժ կը կիրառեն բողոքի շարժումի մասնակցիներուն նկատմամբ:

«Տեսնելով, թէ ինչ տեղի կ’ունենայ ցուցարարներուն հետ, ակնյայտ է, որ այստեղ կան մտահոգութիւններ: Այն, ինչ մենք կը տեսնենք տեսահոլովակներուն, տեսանիւթերուն մէջ, անհամաչափ ուժի կիրառում է: Այս դէպքերը պէտք է հետաքննուին, այս ոլորտին մէջ պէտք է պատասխանատուութիւն ըլլայ: Եւ մենք ազդակներ տեսած ենք, որ կառավարութիւնը կը փափաքի հետաքննել այս դէպքերը», ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանը:

Լին Թրէյսին նաեւ խօսած է ցոյցերու ընթացքին լրագրողներուն աշխատանքը յարգելու, անոնց նկատմամբ ոտնձգութիւնները բացառելու անհրաժեշտութեան մասին, անդրադարձած է ցուցարարներուն եւս. «Ցուցարարները եւս ունին պատասխանատուութիւն խաղաղ իրականացնելու գործողութիւնները` քաոս, խառնաշփոթ չստեղծելու, միւսներուն իրաւունքները չոտնահարելու հարցին մէջ»:

Արդէն կէս ամիսէ աւելի փողոցային պայքար սկսած ընդդիմութիւնը արեւմտեան երկիրները, այդ շարքին` Միացեալ Նահանգները, կը մեղադրէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները չդատապարտելու եւ երկակի չափանիշներ կիրառելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment