Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԲԸՄի «Հայ Կին»ի Յղի Կանանց Կեդրոնները՝ 20 Տարեկան

ՀԲԸՄի «Հայ Կին»ի Յղի Կանանց Կեդրոնները՝ 20 Տարեկան

by MassisPost

ԼԻԶԱ ՃԻԿԷՐԵԱՆ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

ՀԲԸՄի «Հայ Կին»ի Յղի կանանց կեդրոններու հիմնադրութեան 20րդ ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 14ին, «Նուր»ի գեղեցիկ հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ սոյն կազմակերպութեան անդամներուն, նուիրատուներուն եւ բարեկամներուն:

«Հայ Կին» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1994ին, Սոնա Եագուպեանի լուսաւոր մտայղացումով: Այս կազմակերպութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն փաստած է իր գոյութիւնը Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս, իր բարեսիրական եւ շինիչ աշխատանքներով եւ ձեռնարկներով: Անոր հիմնադրութենէն 8 տարի ետք հիմնուած է Յղի կանանց կեդրոններէն առաջինը՝ Գիւմրիի մէջ։ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող 8 կեդրոններուն մէջ յղի կիներ կը ստանան նախածննդեան, ծննդեան եւ յետծննդեան անհրաժեշտ ծառայութիւնները, եւ կը գտնեն իրենց հոգեկան, ֆիզիքական եւ մտային հարցերու լուծումները:

Վսեմագոյն նախաձեռնութիւն մը այս, որուն շնորհիւ կ՛երաշխաւորուի մեր յաջորդ սերունդին գոյատեւումը: Հիմնադիր նախագահուհիին խօսքերով. «Նպատակը՝ սոյն կազմակերպութեան, աղքատութեան դէմ պայքարիլն է, յղի կանանց օժանդակելն է եւ կասեցնելն է մանուկներու կանխահաս մահերը»:

0518HyeGeen2Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց կազմակերպութեան անդամուհի Էլիզապէթ Քապանեան: Ապա անդամուհի Լորա Գույումճեան երկու շնորհաւորագիրներ ընթերցեց, առաջինը՝ Հայաստանի Պետական համալսարանին տնօրէն Ա. Մկրտչեանէն եւ երկրորդը՝ ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանէն: Երկուքն ալ դրուատած էին «Հայ Կին» կազմակերպութեան արձանագրած յաջողութիւնները:

Ապա, Նելլի Եագուպեան փոխանցեց, որ ցարդ իրենց կեդրոններու աշխատանքներուն ծիրէն ներս օժանդակած են 5000էն աւելի մայրերու, որոնք իրենց մանուկները լոյս աշխարհ բերած են եւ յատուկ հոգատարութիւն ստացած են,  իսկ մեծ մայրերուն համար ալ շատ շինիչ դասախօսութիւններ տրամադրուած են սոյն կեդրոններէն ներս: Նելլի Եագուպեանի խօսքէն ետք, տեսանիւթ մը ցուցադրուեցաւ, ուր Հայաստանի Յղի կանանց 8 կեդրոններու պատասխանատուները շնորհաւորեցին անոր 20րդ ամեակը եւ յարատեւ յաջողութիւններ մաղթեցին կեդրոններուն սատար կանգնող անդամներուն, վարչութեան կազմին եւ հիմնադիր Սոնա Եագուպեանին:

Հոս կ՛արժէ նշել, որ Հայաստանի Պետական համալսարանէն շրջանաւարտ ուսանողներ, ըստ իրենց մասնագիտութեան, ներդրում կ՛ունենան աշխատակցելով սոյն կեդրոններէն ներս, ձեռք ձգելով փորձառութիւն եւ միեւնոյն ժամանակ ընկերահոգեբանական հարցերով օժանդակելով եւ ուղղութիւն ցոյց տալով մեր հայրենի մայրերուն:

Վերոնշեալ աշխատանքները կ՛իրագործուին բարերար-հովանաւորներու կատարած նուիրատուութիւններով: Այս հաւաքոյթին շնորհակալագիրներ բաժնուեցան բոլոր այն հովանաւորներուն, որոնք իրենց լուման տալով գիտակցած են Յղի կանանց կեդրոններուն անհրաժեշտ ու շինիչ աշխատանքներուն կարեւորութիւնը:

Հաւաքոյթին վերջաւորութեան խօսք առաւ նախագահուհի Սոնա Եագուպեան եւ հակիրճ պատմականը տուաւ սոյն կազմակերպութեան հիմնադրութեան դրդպատճառներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացած են կազմակերպութեան առաքելութեան եւ առաջին օրէն իսկ նեցուկ կանգնած են սոյն օգտաշատ եւ կարեւոր աշխատանքին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկին կազմակերպիչ անդամ Վարդենի Երջանեանին բծախնդիր աշխատանքին, որուն արգասիքն էր գեղեցկօրէն կազմակերպուած ու ծրագրուած հաւաքը: Նաեւ յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Անի Պապեանին, որ հաւատարմօրէն եւ յարատեւօրէն երկար տարիներու վրայ իր աջակցութիւնը եւ ամսական նուիրատուութիւնը կը կատարէ:

Եւ ապա Սոնա Եագուպեան յայտարարեց, որ Եղվարդի իրենց կեդրոնը անուանուած է իրենց անդամուհիներէն՝ Ճենի Այնթէպլեանի վաղամեռիկ դուստրին՝ Սէրա Այնթէպլեանին անունով: Ճենին սոյն կազմակեպութեան աշխոյժ եւ հաւատարիմ անդամուհիներէն մէկն է, եւ մէկ ու կէս ամիս առաջ 20ամեայ դուստրը կորսնցուց ինքնաշարժի անողոք արկածով: Սէրան օրինակելի զաւակը, հեզահամբոյր սկաուտն ու փայլուն ապագայ խոստացող աշակերտուհին, Փասատինա գաղութէն ներս ճանչցուած էր իր ազնիւ ու մաքուր հոգիով, գեղեցիկ ու հաղորդակից ժպիտով եւ փայլուն միտքով ու աշխատասիրութեամբ:

Վարձքը կատար բոլորին եւ յոյսով ենք, որ Եղվարդի Սէրա Այնթէպլեանի յիշատակին նուիրուած կեդրոնէն ներս եւ ինչպէս նաեւ մնացեալ բոլոր կեդրոններէն ներս, հայրենի մայրեր՝ իրենց հոգեմտային եւ ֆիզիքական օժանդակութիւնը ստանալով, պիտի ծնանին Սէրային նման հայրենասէր, հայասէր եւ խելացի հայ երեխաներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment