Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յստակ Է. Իշխանափոխութեան Հանրային Պահանջ Չկայ

Յստակ Է. Իշխանափոխութեան Հանրային Պահանջ Չկայ

by MassisPost

Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան նախաձեռնած փողոցային պայքարը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով, մօտ օրէն պիտի բոլորէ իր առաջին ամիսը: Այս ընթացքին գործադրութեան դրուած բոլոր միջոցները` հանրահաւաքները, ելոյթները, երթերը, անհնազանդութեան գործողութիւնները, հրապարակային քննարկումները, գումարած ծանօթ երգիչներու մասնակցութեամբ համերգները չկարողացան համոզելու լայն հասարակութեան` գալու եւ միանալու շարժումին, որու շարքերը առաջին օրէն իսկ, չստանալով  մեծ  տարողութիւն, այժմ օրէ-օր կը նօսրանայ ու հրապարակներու վրայ մնացած են միայն կուսակցականներ, նախկին պաշտօնեաներ ու իրենց ապօրէն  ունեցուածքը պաշտպանելու  մտահոգութեամբ գործարարներ: Հրապարակի վրայ կը բացակայի պարզ ժողովուրդը, որ պիտի հանդիսանար որեւէ նման շարժումի գլխաւոր ու միակ յենարանը, որու բացակայութեամբ կարելի չէ հասնիլ յաջողութեան, որքան որ ալ ընդդիմադիր ղեկավարները խօսին մօտալուտ յաղթանակի մասին ու փորձեն ոգեւորել իրենց փոքրաթիւ հետեւորդները:

Այս ակնյայտ ձախողումին պատասխանատուները անոնք են, որոնք փողոց դուրս եկան առանց առաջնորդող ղեկավարի ու յստակ ծրագիրներու: Շարժումը սկսաւ կրկնօրինակելով Թաւշեայ Յեղափոխութեան քայլերը, սակայն առանց ունենալու անոր ենթահողը: 2018-ի շարժումը տարիներու վրայ կուտակուած դժգոհութիւններու` անարդարութեան, մենատիրութեան, կաշառակերութեան, ազատութիւններու կաշկանդման եւ բազում այլ երեւոյթներու դէմ ըմբոստութեան  արտայայտութիւնն էր: Ներկայիս իրավիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է եւ հասարակութիւնը ունի բոլոր ազատութիւնները իր խօսքը լսելի դարձնելու, իրաւունքնրը պաշտպանելու   ու  տեսակէտները տեղ հասցնելու համար:

«Արցախի փրկութեան՚ լօզունգով հրապարակ իջած ընդդիմադիրները բաւական ուշ անդրադարձան նաեւ որ, այդ կարգախօսը համոզիչ չէ ժողովուրդի մեծամասնութեան համար ու միայն վերջերս անոնք սկսան խօսիլ թալանը ետ բերելու եւ կամ օլիկարխները հեռացնելու մասին: Դժբախտութիւնը սակայն այն է որ, «թալանճիները » ու օլիկարխները ներկայ են ու ելոյթներ կ’ունենան նոյն հարթակին վրայ ու կ’երեւան ցոյցերու առաջին շարքերուն: Ընդդիմութիւնը  կարողացաւ վանել ու իրմէ հեռացնել նաեւ այն քաղաքացիները, որոնց պէտք ունէր` իր նպատակներուն հասնելու համար: Ինչպէս կարելի էր ցոյցերուն չմասնակցողները կոչել «թուրքեր », «թուրքի որբեր » եւ կամ ըսել որ, այն որ չի միանար իրենց` թող դժոխք  երթայ: Փողոցը քալող  յայտնի եւ կամ ոչ յայտնի մարդկանց ծեծի ենթարկել ու այդ բոլորը երեւոյթները համացանցի վրայ տարածումէն ետք ակնկալել, որ մարդիկ քան ու միանան իրենց շարժումին` բաւական միամիտ մօտեցում պէտք է որակել:

Հայաստան իր վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին նման որակի ընդդիմութեան ականատես չէ եղած երբեք: Ժողովուրդը համոզելու, սիրաշահելու եւ համախմբելու ունակութենէ զուրկ առաջնորդները միշտ ալ դատապարտուած են ձախողութեան: Որքան որ ալ դժուար ըլլայ ընդունիլ որ  շարժումը սպառած է ինքզինք եւ ժամանակը եկած է վերադառնալու տուն, իսկ ոմանց պարագային` Խորհրդարան, ընդդիմութիւնը անգամի մը համար ճիշդ որոշում կայացնելով պէտք է վերջ տայ այս խեղկատակութեան: Այսուհետեւ կատարուող բոլոր միջոցառումները` փողոցներ փակելը, ոստիկանութեան հետ միջադէպեր հրահրելը, քաղաքացիները ազատ տեղաշարժելու իրաւունքէն զրկելը, ոչ մէկ օգուտ պիտի բերէ բողոքի այս շարժումին:

Կայ այն տպաւորութիւնը, որ շարունակուող գործողութիւնները կը միտին Հայաստանի միջազգային  վարկը արատաւորելու ու օտար զբօսաշրջիկները հեռու պահելու նպատակին: Եթէ ընդդիմութեան համար յաջողութեան չափանիշը այդ է, անոնք կը յաջողին իրենց առաքելութեան մէջ: Իսկ, Հայ ժողովուրդի թշնամիները սահմանի միւս կողմը կանգնած կը զուարճանան:

Տարի մը առաջ Հայաստանի ժողովուրդը կատարեց իը ընտրութիւնը եւ հակառակ պատերազմի արդիւնքին, վստահութիւն յայտնեց գործող իշխանութեան: Ընդդիմութիւնը պէտք է հաշտուի այս իրողութեան հետ ու գործէ այդ հիման վրայ:

Յստակ Է որ, ներկայիս ու տեսանելի ապագային, իշխանափոխութեան համար հանրային պահանջ ու ենթահող չկայ Հայաստանի ժողովուրդին մօտ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ »

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment