Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Յանձնառու Է Օգնելու Հայ Ժողովուրդին Ժողովրդավարական Ապագայ Կառուցելու Գործին Մէջ. Դեսպան Լին Թրէյսի

ԱՄՆ Յանձնառու Է Օգնելու Հայ Ժողովուրդին Ժողովրդավարական Ապագայ Կառուցելու Գործին Մէջ. Դեսպան Լին Թրէյսի

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները յանձնառու է օգնելու հայ ժողովուրդին ժողովրդավարական ապագայ կառուցելու գործին մէջ, յայտնած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին:

«Մենք յանձնառու ենք օգնելու հայ ժողովուրդին կառուցելու այնպիսի ապագայ, որու հիմքին ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներն են ու այն ճանապարհը, որ հայ ժողովուրդը ընտրեց 2018 թուականին եւ մէկ անգամ եւս վերահաստատեց 2021 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ», ըսած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Լին Թրէյսին խօսած է Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան, նախկին ու ներկայ փորձին, Հայաստանէն ստացած իր անձնական տպաւորութիւններուն, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամբողջ օրակարգին առնչուող կարեւորագոյն հարցերու, տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներու մասին: Դեսպանը մանրամասնօրէն անդրադարձած է Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններու վերջին 30 տարուայ ընդհանուր շարժին, անոնց հեռանկարներուն եւ կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդած է երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացիկ զարգացման մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment