Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Վարչապետին Եւ Նախագահին Մասնակցութեամբ

ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Վարչապետին Եւ Նախագահին Մասնակցութեամբ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Վահագն Խաչատրեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ:

Նիստի ընթացքին քննարկուած են Անվտանգութեան Խորհուրդի իրաւասութիւններու տիրոյթին վերաբերող ընթացիկ հարցեր:

Բացի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներէն, նիստին մասնակցած են նաեւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը եւ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Բրուտեանը:

Նիստէն ստոյգ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment