Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութիւնը Երեւանի Տարբեր Հատուածներու Մէջ Ինքնաշարժով Երթեր Կատարեց

Ընդդիմութիւնը Երեւանի Տարբեր Հատուածներու Մէջ Ինքնաշարժով Երթեր Կատարեց

by MassisPost

Վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմադիրները անհնազանդութեան գործողութիւններ իրականացուզին ինքնաշարժի երթով Երեւանի մէջ շրջելով: Քանի մը ուղղութիւններով շարժող երթի ընթացքին լուրջ խցանումներ չէին յառաջացած, երբ ընդդիմադիրները ինքնաշարժներով փակեցին Աբովեանի փողոցէն դէպի Հանրապետութեան հրապարակ գացող ճանապարհահատուածը:

Տեւական ժամանակ կեդրոնական փողոցին մէջ երթեւեկութիւնը դադրած էր, ոստիկանները ինքնաշարժները քարշակներու միջոցով հեռացուցին ճանապարհէն:

Ընդդիմադիր առաջնորդները քանի մը հարիւր համախոհներով կանգ առած էին Երեւանի քաղաքապետարանին դիմաց:

Ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ բախում եղաւ, երբ ցուցարարները կը փորձէին ներխուժել շէնքը:  Իշխան Սաղաթէլեանը յայտարարեց, որ պէտք չէ թոյլ տան, որ քաղաքապետարանի աշխատակիցները դուրս գան շէնքէն: Ընդդիմադիրները շիշեր եւ այլ առարկաներ կը նետէին ոստիկաններուն ուղղութեամբ: Ի վերջոյ, ոստիկանութիւնը կրցաւ հանդարտեցնել իրավիճակը:

Արդէն երկու շաբաթ փողոցային պայքարով իշխանութեան հրաժարականը պահանջող ընդդիմութիւնը կը շարունակէ դժգոհիլ ոստիկաններու աշխատանքէն: Կը յայտարարեն, որ իրենց գաղափարակիցները, աջակիցները բերման կ’ենթարկուին, կը կալանաւորուին քաղաքական դրդապատճառներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment