Երգչուհի Ռոզա Լինը, որ Հայաստանը կը ներկայացնէ «Եւրոտեսիլ 2022» երգի հեղինակաւոր մրցոյթին, հեռուստադիտողներու եւ դատական կազմի քուէարկութեան շնորհիւ յաղթահարեց առաջին կիսաեզրափակիչը` անցնելով մրցոյթի եզրափակիչ փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 14-ին:
«Եւրոտեսիլ 2022»-ի առաջին կիսաեզրափակիչը տեղի ունեցաւ Մայիս 10-ին, Իտալիոյ Թուրին քաղաքի «Փալաօլիմփիքօ մարզահամերգային համալիրին մէջ: Մինչ կը յայտարարուէին եզրափակիչ անցած երկրները, բեմ բարձրացաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2021»-ի յաղթող Մալենան` յիշեցնելով, որ 2022-ին «Մանկական Եւրոտեսիլը» պիտի կայացուի Հայաստանի մէջ: Մալենան շեշտեց, որ Հայաստան գալով` հիւրերը կրնան ծանօթանալ հայկական իւրայատուկ եւ համեղ խոհանոցին, բարի եւ հիւրընկալ մարդոց եւ հինաւուրց տեսարժան վայրերուն:
Եզրափակիչ փուլ անցան նաեւ Զուիցերիան, Իսլանտան, Լիթուանիան, Փորթուկալը, Նորվեկիան, Յունաստանը, Ուքրանիան, Մոլտովան եւ Նիտերլանտները:
Ռոզա Լինը հանդէս եկաւ «Snap» երգով, որուն հեղինակը ինքն է:
Հայաստանի պատուիրակի ելոյթի բեմադրութեան հեղինակներն են աւստրիացի Մարվին Տիեթմանը եւ անգլիացի Տէն Շիփթոնը: Այս բեմադրիչները աշխարհահռչակ համերգներու բեմադրման մեծ փորձ ունին եւ կը խոստանան, որ Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ համագործակցութիւնը եւս յիշարժան պիտի ըլլայ: