Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Յարձակողական Քաղաքականութիւն Կը Վարէ ՀՀ-ի Նկատմամբ Եւ Կը Փորձէ Անոր Ըմբռնումը Ձեւաւորել Ռուսաստանի Եւ Արեւմուտքի Մէջ. Փաշինեան

Ատրպէյճանը Յարձակողական Քաղաքականութիւն Կը Վարէ ՀՀ-ի Նկատմամբ Եւ Կը Փորձէ Անոր Ըմբռնումը Ձեւաւորել Ռուսաստանի Եւ Արեւմուտքի Մէջ. Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիտերլանտներու Թագաւորութիւն կատարած պաշտօնական այցի ծիրին մէջ Հաակայի մէջ այցելած է Խաղաղութեան Պալատ: Այդտեղ վարչապետին դիմաւորած է Հաակայի Միջազգային Իրաւունքի Ակադեմիայի Խորհուրդի նախագահ եւ Խաղաղութեան Պալատի «Քարնեկի» հիմնադրամի նախագահ Փիթ Հայն Տոները:

Վարչապետը նախ շրջայց կատարած է Խաղաղութեան Պալատին մէջ, այնուհետեւ վերջինիս բակին մէջ մասնակցած է հայկական խաչքարի բացման արարողութեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Նիտերլանտներու Ծերակոյտի նախագահ Եան Անթոնի Պրաունի եւ Ներկայացուցիչներու Պալատի նախագահ Վերա Պերկքամփի հետ:

Վերջիններս ողջունած են ՀՀ վարչապետին պաշտօնական այցը Նիտերլանտներ եւ վստահութիւն յայտնած, որ այն պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման, այդ շարքին` խորհրդարանական մակարդակով: Անոնք ընդգծած են Հայաստանի հետ փոխգործակցութիւնը զարգացնելու իրենց երկրին շահագրգռուածութիւնը` շեշտելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ երկրին մէջ առկայ ջերմ մթնոլորտը: Մասնաւորապէս նշուած է Նիտերլանտներու Ներկայացուցիչներու Պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման փաստը: Եան Անթոնի Պրաունը եւ Վերա Պերկքամփը ողջունած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ իրականացուող հետեւողական քայլերը եւ յաւելած, որ Նիտերլանտները իր փորձով պատրաստ է օժանդակելու անոնց արդիւնաւէտ կեանքի կոչման:

Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ առաջին դէպքն է, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը պաշտօնական այց կը կատարէ Նիտերլանտներու Թագաւորութիւն եւ յոյս յայտնած է, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմ գործընկերութեան: Կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ ընդգծած է, որ Գործադիրը պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն յառաջ մղել բարեփոխումներու օրակարգը: Նիկոլ Փաինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Նիտերլանտներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Պալատի ղեկավարներուն` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հաւասարակշիռ դիրքորոշում ցուցաբերելու համար:

Ատրպէյճանը կը շարունակէ յարձակողական քաղաքականութիւն վարել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ: Այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Նիտերլանտներու Միջազգային Յարաբերութիւններու Նիտերլանտական Հիմնարկ Քլինկենտայլ հիմնարկին մէջ «Հայաստանը եւ Նիտերլանտները. Դարաւոր Բարեկամութիւն- 30-ամեայ Գործընկերութիւն» թեմայով դասախօսութեան ընթացքին` պատասխանելով ներկաներէն մէկուն հարցումին:

«Ատրպէյճանը, ցաւօք, շարունակում է շատ յարձակողական քաղաքականութիւն վարել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ: Գիտէք, որ Լեռնային Ղարաբաղում ռուսական խաղաղապահ զօրք կայ: Եւ ատրպէյճանական դիւանագիտութեան հիմնական գործը վերջին ամիսներին հետեւեալն է: Նրանք գնում են ԵՄ, ԱՄՆ եւ ասում են` ահա, տեսէք Հայաստանը փրուսական երկիր է, որոշ դէպքերում ասում են` փրոքսի ռուսական կառավարութեամբ, յետոյ դրանից յետոյ մեկնում են Ռուսաստան, ասում են` տեսէք Հայաստանը փրոարեւմտեան երկիր է, տեսէք ոնց են Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները սերտացնում: Երբեմն ասում են, որ Հայաստանում Արեւմուտքի կողմից գունաւոր յեղափոխութեան միջոցով հաստատուած կառավարութիւն է, որը գործում է ընդդէմ Ռուսաստանի», ըսած է Փաշինեան:

Ան յաւելած է, որ անոր նպատակն է ընդդէմ Հայաստանի Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան ըմբռնում ձեւաւորել թէ՛ Արեւմուտքի, թէ՛ Ռուսաստանի մէջ: Անոր խօսքով` չեն կրնար ըսել, որ այդ դիրքորոշումը հիմնաւորելու համար փաստարկներ չկան:

«Առարկայական իրականութիւնն այն է, որ այս դիրքորոշումը հիմնաւորելու համար փաստարկներ կան, որովհետեւ Հայաստանը Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է, ՀԱՊԿ անդամ եւ ԵԱՏՄ անդամ է, շատ ջերմ ու սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ: Միւս կողմից Հայաստանի, Եւրոմիութեան եւ Եւրոմիութեան անդամ երկրների յարաբերութիւնները գնալով խորանում են, որովհետեւ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի հիմնական գործընկերն է ժողովրդավարական բարեփոխումների ոլորտում», մանրամասնած է Փաշինեանը:

Անդրադառնալով հարցում հնչած դիտարկման, թէ Հայաստանը կը փորձէ բազմակողմ քաղաքականութիւն իրականացնել, վարչապետը ընդգծած է, որ անոր կրնայ աւելցնել, որ Հայաստանի դէմ ալ կը փորձեն բազմակողմ քաղաքականութիւն իրականացնել: «Եւ մենք ոչ միայն պիտի իրականացնենք բազմակողմ քաղաքականութիւն, այլ պէտք է կարողանանք կառավարել վտանգերը, որոնք ի յայտ են գալիս մեր դէմ տարուող բազմակողմ քաղաքականութեան հետեւանքով», ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանը կը վարէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն, իսկ կառավարութեան շարժառիթը Հայաստանի ազգային շահերն են: Ան շեշտած է, որ կը կարեւորեն բոլոր յարաբերութիւնները, սակայն շատ կարեւոր է նաեւ, որ այդ յարաբերութիւնները մէկը միւսին հաշուոյն չըլլան:

«Աշխարհակարգ է փոխւում բոլորիս աչքի առաջ, եւ ոչ մէկ չգիտի, թէ ինչպիսին այն կը լինի արդիւնքում: Ես ուզում եմ ասել, որ Հայաստանի նման երկրների համար ահա այսպիսի ժամանակներն ամենավտանգաւորն են, սա պէտք է արձանագրել եւ հասկանալ: Մեզ համար ամենեւին հեշտ չէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել, բայց մենք փորձում ենք ամէն ինչ անել դրանում յաջողելու համար», եզրափակած է Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment