Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տարածաշրջանային Խաղաղ Գոյակցութիւնն Է Անվտանգութեան Միակ Յուսալի Երաշխիքը. Վարչապետ Փաշինեանը Վստահ Է

Տարածաշրջանային Խաղաղ Գոյակցութիւնն Է Անվտանգութեան Միակ Յուսալի Երաշխիքը. Վարչապետ Փաշինեանը Վստահ Է

by MassisPost

Մայիս 9-ի Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առթիւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ուղերձով անդրադարձած է Շուշիի ազատագրման եւ դառնութեամբ արձանագրած է, որ արցախեան առաջին պատերազմին տարած յաղթանակը ոչ միայն չփոխակերպուեցաւ դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական յաղթանակի, այլեւ այդ յաղթանակի բազմաթիւ պտուղներ այսօր՝ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, կորսուած են, իսկ Արցախն ու Հայաստանը կանգնած են լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ։ Տարածաշրջանային խաղաղ գոյակցութիւնն է անվտանգութեան միակ յուսալի երաշխիքը, շարունակած է Նիկոլ Փաշինեանը։

«Այս իրավիճակին, սակայն, մեր արձագանգն ամենեւին էլ վախճանաբանութիւնը չպիտի լինի, այլ՝ սթափ, սառը, գրագէտ վերլուծութիւնն այն պատճառների, որ յանգեցրել են ռազմաքաղաքական ու տարածաշրջանային այսօրուայ վիճակին եւ ապագայի գործնական ծրագրաւորումը:

Յանուն Հայրենիքի իրենց կեանքը տուած մեր նահատակների արիւնը չպէտք է մսխուի, եւ անոնց գործի մեծագոյն արտայայտումը պիտի դառնայ Հայոց ուժեղացող պետականութիւնը, Արցախի հայութեան իրաւունքների լիարժէք իրացումը, մեր սերունդների խաղաղ զարգացումն ու տարածաշրջանային խաղաղ գոյակցութիւնը, որն Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան միակ յուսալի երաշխիքն է», նշած է վարչապետը։

Պետութեան ղեկավարը կը վստահեցնէ, որ «ժողովրդի քուէն ստացած քաղաքական մեծամասնութիւնը Հայաստանն առաջնորդում է հէնց այս ճանապարհով՝ հասկանալով այն բոլոր դժուարութիւնները, որ ի յայտ են գալու»․ «Մենք պատրաստ ենք առերեսուել այդ դժուարութիւններին, որովհետեւ մեզ առաջնորդում է համոզմունքը, որ այո՝ մենք շարժւում ենք դժուար, բայց ճիշդ ճանապարհով»:

«Մենք մեր երկրի վրայ թափուած աղէտների հեղինակը չենք, մենք արժանացել ենք դաժան ճակատագրի ու սրբագոյն առաքելութեան. առաջնորդել մեր Հայրենիքը անխուսափելի եւ երկար տարիներ բոլորիս աչքի առաջ նիւթուած աղէտների միջով եւ նրան հասցնել խաղաղ, բարեկեցիկ, երջանիկ ապագայի», նշուած է ուղերձին մէջ։

May-9-b

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ, այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայրենիքի անկախութեան համար զոհուածներու յիշատակին, կը հաղորդեն պաշտօնական աղբիւրները։
Պետութեան ղեկավարները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ դրած են սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

Ապահով եւ անվտանգ հայրենիք պահելու ուղերձ յղած է նաեւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։ Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․ «77 տարի առաջ հայ ժողովուրդը ԽՍՀՄ միւս ժողովուրդների ու յառաջադէմ մարդկութեան հետ միասին յաղթանակ տարաւ ֆաշիզմի դէմ մղած մեծ պատերազմում: Հայերս մեր արժանի աւանդը ներդրեցինք այդ պայքարում: Պատերազմ մեկնած 600 հազար հայորդիներից 300 հազարը չվերադարձան մարտի դաշտից»:

«Մեր ընդհանուր պարտքն է առյաւէտ պահել ազատութեան եւ անկախութեան համար մղուած մարտերում ընկած մեր հերոսների յիշատակը, միաժամանակ չմոռանալով վեթերաններին:

Մեր ժողովուրդը լաւ գիտի խաղաղութեան գինը: Ապահով և անվտանգ հայրենիք պահելը մեր բոլորի սուրբ պարտքն է եւ մենք ամէն ջանք պէտք է գործադրենք ամրապնդելու մեր երկրի պաշտպանունակութիւնը», նշուած է ուղերձին մէջ, որ հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին մէջ։

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանր Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ դրած է Մեծ Հայրենականին զոհուածներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն:

Յարութիւնեանին ուղեկցած են Արցախի պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը, օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներ՝ խորհրդարանի նախագահ Արթուր Թովմասեանի գլխաւորութեամբ:

Առաւօտեան ժամը 11-ին Արցախի մէջ յայտարարուած է լռութեան րոպէ՝ ի յիշատակ Մեծ Հայրենականին, Արցախեան առաջին, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն զոհուածներուն: Անկէ ետք շարք մը միջոցառումներ տեղի ունեցան, մասնաւորապէս՝ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ չորս պատերազմներու նահատակուածներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment