Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ Լիբանանահայ Նախարարին Անունը Յայտնուած Է Անօրինական Հարստացողներու Վերաբերեալ Փանամայի Փաստաթուղթերուն ՄԷջ

Լիբանանահայ Նախարարին Անունը Յայտնուած Է Անօրինական Հարստացողներու Վերաբերեալ Փանամայի Փաստաթուղթերուն ՄԷջ

by MassisPost

Լիբանանի արդիւնաբերութեան նախարար եւ երկրի խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն Զահլէ քաղաքի ընտրատարածքին մէջ հայերուն վերապահուած աթոռի պատգամաւորական թեկնածու Ժորժ Պուչիքեանը համալրած է շարքերը այն պաշօնեաներուն եւ գործարարներուն, որոնց անունները յայտնուած են աշխարհի մէջ անօրինական հարստացողներու վերաբերեալ Փանամայի փաստաթուղթերուն մէջ։

Պուչիքեանը Բրիտանական Վիրճինեան կղզիներուն մէջ 2007 թուականին  հիմնած է օֆշորային ընկերութիւն՝ Technor Holdings Limited անուամբ, իսկ Լիբանանի մէջ արձանագրուած ընկերութեան սեփականատիրոջ (այսինքն՝ Ժորժ Պուչիքեանի) հասցէն է՝ «Georges Bouchikian SAR – Center Fouad Chehab – Փողոց՝ Սին Էլ Ֆիլ – Պէյրութ – Լիբանան»:
Կցուելով համապատասխան յղումները, նշուած է, թէ ինչո՞ւ Ժորժ Պուչիքեան օֆշորային ընկերութիւնը (Technor Holdings Limited) արձանագրած է Բրիտանական Վիրճինեան կղզիներուն մէջ Mossack Fonseca Legal Services-ի միջոցով, որ կը մեղադրուի անօրինական գործողութիւններու մէջ ներգրաւուածութեան մէջ, ինչպիսիք են հարկերէ խուսափումը եւ դրամներու լուացումը:

Ժորժ Պուչիքեանը Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն թեկնածու առաջադրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ, եւ որ Զահլէ քաղաքի ընտրատարածքին մէջ ընտրական դաշինք կնքած է շիի Հըզպալլային հետ:

Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սոյն թուականի Մայիս 15-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment