Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընտրակաշառք Տալու, Ստանալու Դէպքերու Առթիւ Քրէական Գործ Յարուցուած Է

Ընտրակաշառք Տալու, Ստանալու Դէպքերու Առթիւ Քրէական Գործ Յարուցուած Է

by MassisPost

Հայաստանի ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքներուն մասնակցելու նպատակով Արմավիրի մարզի բնակիչը նիւթապէս շահագրգռելու դէպքին առթիվ, ՀՀ Քննչական Կոմիտէին մէջ ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 163-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ կէտով յարուցուած քրէական գործով կատարուած նախաքննութեան ընթացքին խուզարկութիւններ իրականացուած են տուեալ քրէական գործով որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած անձերու բնակութեան վայրերուն մէջ:

Կատարուած խուզարկութեամբ, 2022 թուականի Մայիս 6-ին ՀՅԴ-ի Արմավիրի Տարածքային Մարմինի ղեկավար Ա.Մ.-ի բնակութեան վայրին մէջ յայտնաբերուած են ձեռագիր գրառումներով նոթատետրեր, որոնք բովանդակած են 2021 թուականին տեղի ունեցած Ազգային Ժողովի եւ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններուն ժամանակ ընտրողներուն տարբեր չափերու կաշառք տալու վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

Ըստ քրէական գործի նիւթերուն` նոթատետրերուն զննութեամբ պարզուած է, որ անոնց մէջ, մասնաւորապէս, ներառուած են ձեռագիր նշումներ 2021 թուականի Յունիս 20-ին ՀՀ-ի մէջ տեղի ունեցած ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն առիթով  նոյն թուականի Յունիս 4-էն Յունիս 21 ինկած ժամանակահատուածին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինէն, ՀՅԴ Մարզային Կառոյցէն ու անոր Նախընտրական Շտաբէն յատկացուած դրամական միջոցներու եւ նշուած ժամանակահատուածին բազմաթիւ անձերու միջինը 15.000-20.000-ական, ընդհանուր` շուրջ 6.470.000 ՀՀ դրամի գումարներ բաշխելու վերաբերեալ: Ի դէպ, ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն մասնակցած է «Հայաստան» դաշինքի կազմին մէջ, եւ ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ կուսակցութեան աշխատանքները համակարգուած են Արմավիր քաղաքին մէջ գործող գրասենեակէն` Ա.Մ.-ի կողմէ:

Բացի այդ, նոթատետրերուն մէջ առկայ են ձեռագիր գրառումներ նաեւ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 5-ին Արմավիրի մարզին մէջ տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններուն առնչութեամբ 2021 թուականի Նոյեմբեր 4-էն Դեկտեմբեր 5 ինկած ժամանակահատուածին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինէն, ՀՅԴ Մարզային Կառոյցէն ու անոր Նախընտրական Շտաբէն յատկացուած դրամական միջոցներու եւ նշուած ժամանակահատուածին մէջ բազմաթիւ անձերու 5000-20.000-ական, ընդհանուր` շուրջ 3.513.000 ՀՀ դրամի գումարներ բաշխելու վերաբերեալ:

ՀՀ Ազգային Ժողովի եւ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններու ընթացքին առերեւոյթ ընտրակաշառք տալու եւ ստանալու մասին կը փաստեն, մասնաւորապէս, նոթատետրերուն մէջ տարբեր անձերու տուեալներու դիմաց կատարուած` «ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ ԳՄ-էն», «ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ ՄԿ-էն» եւ «ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ ՇՏԱԲԷՆ» ձեռագիր գրառումներն ու ընտրակաշառք տալու եւ ստանալու հաշուարկները:

Հաշուի առնելով քրէական գործով մեծածաւալ եւ անյետաձգելի քննչական գործողութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, Հակափտածութիւն Կոմիտէին մէջ ստեղծուած է քննչական խումբ, որուն մէջ ներգրաւուած են նաեւ ՀՀ Քննչական Կոմիտէի քննիչները: Խուզարկութիւններ կատարուած են ՀՅԴ-ի Արմավիրի մարզին մէջ տեղակայուած շարք մը գրասենեակներու մէջ, ինչպէս նաեւ նոյն Մարզային Կառոյցի տասնեակէ աւելի անդամներու, այդ շարքին` գրասենեակներու համակարգողներու եւ նախընտրական քարոզարշաւներուն մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած խումբ մը անձերու բնակարաններուն մէջ: Յայտնաբերուած եւ առգրաւուած են տարբեր ցուցակներ, այդ շարքին` գումարային նշումներով: Կը կատարուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ եւ որոնողական միջոցառումներ` յիշեալ ցուցակներուն մէջ ներառուած անձերուն ինքնութիւնը պարզելու, նոյնականացնելու, ինչպէս նաեւ կաշառք ստանալու եւ տալու դէպքերուն հանգամանքներն ու անոնց առնչուած անձերը պարզելու ուղղութեամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment