Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Խօսքի Ազատութիւնը Պէտք Չէ Վերածուի Ատելութեան Քարոզի. ՀՌՅ

Խօսքի Ազատութիւնը Պէտք Չէ Վերածուի Ատելութեան Քարոզի. ՀՌՅ

by MassisPost

Հեռուստատեսութեան եւ Ռատիոյի Յանձնաժողովը մշտապէս հանդէս եկած է խօսքի ազատութեան եւ կարծիքներու ազատ արտայայտման սկզբունքի պաշտպանութեան դիրքերէն: Սակայն, այդ չի նշանակեր, որ այդ ազատութիւնները պէտք է վերածել ապատեղեկատուութեան գործիքի, ատելութեան խօսքի, անձնական թշնամանքի կամ միմեանց սեւցնելով ու վարկաբեկելով` իրար հետ հաշիւներ մաքրելու միջոցի: Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տասնեակ հազարաւոր մեր հայրենակիցներ քաղաքական այս թոհուբոհին մէջ կրնան կողմնորոշուիլ ձեր խօսքով, պահուածքով, բարեխղճութեամբ:

Յանձնաժողովը եւս մէկ անգամ կոչ կ’ընէ Հեռարձակողներուն ապահովելու հրապարակուած տեղեկութեան ճշգրտութիւնը, անկողմնակալութիւնն ու բազմակարծութիւնը, ցուցաբերելու ազնուութիւն` տեղեկութիւնները հաւաքելու մեթոտներուն մէջ, բացառելու ընկերային կարգավիճակի, անձի կամ խումբի որեւէ այլ յատկանիշի հիմքով խտրականութիւնը:

Յանձնաժողովը նաեւ կը յիշեցնէ, որ արտօնագիր ստացած Հեռարձակողները պէտք է հետեւին արտօնագրային յայտով ստանձնած պարտաւորութիւններուն, որոնց խախտումները կրնան յանգեցնել օրէնքով սահմանուած պատժամիջոցներու կիրառման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment