Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լարուած Իրավիճակ Ազգային Ժողովի Շէնքին Մօտ

Լարուած Իրավիճակ Ազգային Ժողովի Շէնքին Մօտ

by MassisPost

Ֆրանսայի հրապարակէն ցուցարարները անարգել, ոստիկաններու ուղեկցութեամբ շարժեցան Ազգային Ժողովի տարածք:

Բողոքի շարժումի մասնակիցներուն մէկ մասը Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանի առաջնորդութեամբ գացած է դէպի Դէմիրճեան փողոց:

Ոստիկանները մեծ պատ կազմած էին, անոնք վահաններով եւ սաղաւարտներով էին:

Իրավիճակը տեւական ժամանակ հանգիստ էր, սակայն որոշ ժամանակ անց հրմշտոց սկսաւ ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ: Ոստիկանական պատի հակառակ կողմէն` ցուցարարներու հատուածէն շիշեր նետուեցան ոստիկաններուն ուղղութեամբ, իրավիճակը որոշ ժամանակ անց հանդարտեցաւ, սակայն դարձեալ հրմշտոց տեղի ունեցաւ անոնց միջեւ: Բողոքի մասնակիցները սկսան շարժիլ դէպի ոստիկանական պատը:

Հրապարակին մէջտեղը տեղակայուած ինքնաշարժէն ելոյթ ունեցան «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորները: Անոնք նշեցին, որ ցուցարարներուն մէջ կան սադրիչներ, որոնք կը փորձեն լարուածութիւն ստեղծել` բողոքի մասնակիցներուն կոչ ընելով չտրուելու սադրանքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment