Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւը Յայտարարած Է, Թէ Զանգեզուրի Միջանցքը «Արդէն Իրականութիւն Է»

Ալիեւը Յայտարարած Է, Թէ Զանգեզուրի Միջանցքը «Արդէն Իրականութիւն Է»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ Զանգեզուրի միջանցքը իրականութիւն է․

«Միեւնոյն ժամանակ, ներկայիս Զանգիլանի շրջանին մէջ ենթակառուցուածքային մեծ նախագիծեր կ’իրականացուին: Կը փափաքէի անոնցմէ նշել փոխադրական ենթակառուցուածքը, որ կը հանդիսանայ Զանգեզուրի միջանցքի հիմնական մասը», յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահը Զանգիլանի շրջանին մէջ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած Վահիտ Հաճիեւի հետ հեռավար հանդիպման ընթացքին:

Ալիեւի խօսքերով, յառաջիկայ ամիսներուն Զանգիլանի մէջ շահագործման պիտի յանձնուի միջազգային օդակայան, որ «պիտի դառնայ տնտեսական, փոխադրական դւ անվտանգութեան հարցերը լուծելու կարեւոր միջոց»․ «ինչ կը վերաբերի Զանգեզուրի միջանցքին, ապա այս միջանցքը արդէն իրականութիւն է: Ե՛ւ երկաթգիծը, ե՛ւ Զանգիլանի շրջանի տարածքով անցնող մայրուղին ոչ միայն պիտի կապէ Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ, այլեւ պիտի դառնայ միջազգային բեռնափոխադրումներու նոր երթուղի, պիտի ըլլայ միջազգային երթուղի»:

Ի պատասխան Զանգեզուրի ինքնիշխան միջանցքի բացման մասին պաշտօնական Պաքուի յայտարարութիւններուն, Երեւանը մշտապէս շեշտած է, որ եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ «միջանցքային տրամաբանութիւն չկայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment