Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանն Ու Պայրամովը Համաձայնութեան Եկած Են Սահմանազատման Եւ Սահմանային Անվտանգութեան Յանձնաժողովի Կառուցուածքին Շուրջ․ ԱԳՆ

Միրզոյեանն Ու Պայրամովը Համաձայնութեան Եկած Են Սահմանազատման Եւ Սահմանային Անվտանգութեան Յանձնաժողովի Կառուցուածքին Շուրջ․ ԱԳՆ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն կը յայտնեն, որ նախարարները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու առաջնորդներուն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ:

Կողմերը համաձայնութեան եկած են սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի կառուցուածքին շուրջ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի վերաբերեալ հանդիպում կատարելու:

Կողմերը քննարկած են նաեւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման հետ կապուած հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment