Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն Կը Յայտնէ Սպայի Կողմէ Պետական Դաւաճանութիւն Կատարելու Դէպք Բացայայտելու Մասին

ԱԱԾ-ն Կը Յայտնէ Սպայի Կողմէ Պետական Դաւաճանութիւն Կատարելու Դէպք Բացայայտելու Մասին

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը յայտնէ զինուորի կողմէ պետական դաւաճանութիւն կատարելու հերթական դէպքը բացայայտելու մասին:

Ըստ ԱԱԾ-ի, զինուորը` կոչումով սպայ, հաւաքագրուած է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ եւ ընդհանուր 1.400 տոլար վարձատրութեան դիմաց օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններուն յանձնած է մասնաւորապէս արտերկրի մէջ ռազմական ակադեմիան աւարտած համադասարանցիներու, ծառայութեան N զօրամասի հրամանատարական կազմի, հրթիռահրետանային վարչութեան ղեկավար անձնակազմի, «Էքսփօ-ռազմական» ցուցահանդէսին մեկնած սպայական կազմի կենսորոշիչ տուեալները, բջջային հեռախօսահամարները` տրամադրելով նաեւ իր ծառայութեան N զօրամասի N բաժնի զինուորներու հաստիքացուցակը, ինչպէս նաեւ նոյն զօրամասին մէջ առկայ հրթիռային համակարգի թուաքանակի, 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զրահասարքերու կորուստի, հրթիռահրետանային համազարկերու գտնուելու վայրերու, զօրավարժութեան վայրերու, կիրառուած զրահասարքի, զօրավարժութեան մասնակից ղեկավար սպայական կազմին վերաբերեալ տուեալներ:

Բացի այդ, ըստ Ծառայութեան, նոյն զինուորը, 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ, զբաղեցնելով հրթիռային N համակարգի մարտկոցի հրամանատարի տեղակալի պաշտօնը, մարտական առաջադրանքով արդիւնաւէտ եւ նպատակային խոցումներ չէ կատարած, տեւական ժամանակ միջոցներու չէ ձեռնարկած հրթիռ արձակող զրահասարքը քօղարկելու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով հակառակորդին կողմէ թիրախաւորուած եւ անօդաչու թռչող սարքի միջոցով խոցուած է այն` յանգեցնելով զրահասարքի անվերադարձ կորուստի:

ԱԱԾ-ն կը նշէ, որ յիշեալ զինուորը պատերազմի աւարտէն յետոյ շարունակած է համագործակցութիւնը օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որու ընթացքին վարձատրութեան դիմաց տրամադրած է նաեւ ներմուծուած սպառազինութեան եւ զրահասարքի քանակի ու տեսակի վերաբերեալ տուեալներ, ինչպէս նաեւ ունենալով գաղտնիութեան թոյլտուութեան համապատասխան աստիճան, 8 հազար տոլար վարձատրութեան դիմաց, ան փոխանցելու նպատակով հաւաքած է N զօրամասի գաղտնի դրոշմագրով մարտական քարտէզներ, սակայն բացայայտուած է եւ գործունէութիւնը աւարտին չէ հասցուցած:

Զինուորը ձերբակալուած է եւ տուած է խոստովանական ցուցմունքներ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment