Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինի Հետ Համաձայնութեան Եկած Ենք Շարք Մը Կարեւոր Հարցերու Շուրջ, Ընդ Որում` Լեռնային Ղարաբաղի․ Փաշինեան

Փութինի Հետ Համաձայնութեան Եկած Ենք Շարք Մը Կարեւոր Հարցերու Շուրջ, Ընդ Որում` Լեռնային Ղարաբաղի․ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցի ծիրին մէջ այցելած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Պետական Տումա` հանդիպում ունեցած է Պետական Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտինի հետ:

Վերջինս ողջունած է ՀՀ վարչապետին պաշտօնական այցը Ռուսաստանի Դաշնութիւն եւ ընդգծած է հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման փաստը: «Գիտեմ, որ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ ունեցած էք Ռուսաստանի նախագահին հետ, որուն հետեւանքով ընդունուած է համատեղ կարեւոր յայտարարութիւն», նշած է Վոլոտինը` ընդգծելով, որ ՀՀ վարչապետին պաշտօնական այցը երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնման գործին մէջ  առանձնայատուկ իրադարձութիւն է: Պետական Տումայի նախագահը կարեւորած է նաեւ միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդումը` յաւելելով, որ այս ուղղութեամբ եւս առկայ է սերտ երկխօսութիւն: Վոլոտինի խօսքով` երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխվստահութիւնը կապերը աւելի զարգացնելու լաւ հնարաւորութիւն կու տայ:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած է, որ նման շփումները նոր ազդակ կը հաղորդեն միջպետական յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան: ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը նոյնպէս կարեւորած է միջխորհրդարանական փոխգործակցութեան ամրապնդումն ու աշխոյժ երկխօսութիւնը: «Նախագահ Փութինի հետ արդիւնաւէտ քննարկում ունեցանք, ընդունեցինք համատեղ կարեւոր յայտարարութիւն», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` յաւելելով, որ համաձայնութեան եկած են շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ, ընդ որում` կապուած անվտանգութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահամանագծման եւ սահմանազատման գործընթացներուն շուրջ:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-ռուսական միջխորհրդարանական յանձնաժողովի գործունէութեան, Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ Միջխորհրդարանական Վեհաժողովի նիստի կայացման, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան եւ այլ հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment