Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Չինաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարները Շեշտած Են Ճանապարհային Ապաշրջափակման Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի Եւ Չինաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարները Շեշտած Են Ճանապարհային Ապաշրջափակման Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի ու Չինաստանի արտաքին գործերու նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնած են վճռականօրէն սերտացնելու եւ խորացնելու հայ-չինական յարաբերութիւնները, կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` նշելով, որ Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Վանկ Եիի հետ:

Կարեւորուած է տնտեսական համագործակցութեան բնագաւառին մէջ առկայ մեծ ներուժի օգտագործումը, ներդրումներու խրախուսումը, ենթակառուցուածքներու զարգացումը եւ լոճիսթիք մարտահրաւէրներու յաղթահարումը: Այս ծիրին մէջ շեշտուած է տարածաշրջանի ճանապարհային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացին անհրաժեշտութիւնը:

Ներկայացնելով հայկական կողմին դիրքորոշումը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման վերաբերեալ, Արարատ Միրզոյեանը ընդգծած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարբեր ուղղութիւններով բանակցութիւններու նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան դերը: Երկուստեք կարեւորուած է միջազգայնօրէն ընդունուած առկայ բանակցային ձեւաչափի կենսունակութիւնը եւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջմղումը:

Զրուցակիցները նաեւ միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment