Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՊՆ-ն Կը Հերքէ, Թէ Ռուսաստանին Փոխանցած է «Սու-30» Օդանաւներ Ուքրանիոյ Դէմ Մարտական Գործողութիւններուն Համար

ՊՆ-ն Կը Հերքէ, Թէ Ռուսաստանին Փոխանցած է «Սու-30» Օդանաւներ Ուքրանիոյ Դէմ Մարտական Գործողութիւններուն Համար

by MassisPost

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հերքէ լուրերը, թէ Ռուսաստանին փոխանցած է չորս «Սու-30» օդանաւ` Ուքրանիոյ դէմ մարտական գործողութիւններու ընթացքին կիրառելու նպատակով:

«Նշուած տեղեկութիւնները բացարձակ սուտ են. Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու սպառազինութեան մէջ գտնուող բոլոր օդանաւները, անձնակազմով հանդերձ, իրենց տեղն են եւ կը կատարեն առաջադրուած խնդիրները», կը յայտարարէ ՊՆ-ն:

Այս մասին լուրը հրապարակած էր Թուրքիոյ մէջ հեռարձակուող ատրպէյճանական «Haber Global» հեռուստաընկերութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ հետախուզութեան անյայտ աղբիւրներու:

Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան` իրականութեան չի համապատասխաներ նաեւ այս հրապարակման մէջ կատարուող մէկ այլ պնդում, ըստ որուն` Հայաստանը կը հանդիսանայ հիմնական ուղղութիւններէն մէկը, որով Սուրիայէն վարձկաններ կը տեղափոխուին Ուքրանիա` Ռուսաստանի կողմէ կռուելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment