Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, լրագրողներուն յայտնած է Քրեմլինի խօսնակ Տմիտրի Պէսկով:
«Քննարկուած է իրավիճակը Ղարաբաղի շփման գծին վրայ», – ըսել է Պէսկով` մանրամասնութիւններ չտալով:
Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները «Ազատութեան» յայտնած են, որ Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցները պարբերաբար տեղի կ’ունենան եւ անոնց ոչ բոլորը կը լուսաբանուին։
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի լրատուական բաժինը Ուրբաթ երեկոյեան հաղորդագրութիւն տարածեց նոյն օրը կայացած հեռախօսազրոյցի մասին: Ըստ հաղորդագրութեան` երկու պետութիւններու ղեկավարները համաձայնած են ջանքեր գործադրել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ: Փաշինեան նաեւ «Հարցադրում է արել տուեալ իրավիճակում ռուս խաղաղապահների գործողութիւնների հետաքննութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ ընդգծել ռուս խաղաղապահների կողմից Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ելման դիրքեր վերադարձնելու պահանջի անհրաժեշտութիւնը», – ըսուած է հայկական կողմի հաղորդագրութեան մէջ: