Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Ուժերը Շարունակած Են Տեղաշարժը Քարագլուխ Բարձունքի Տարբեր Ուղղութիւններով

Ատրպէյճանական Ուժերը Շարունակած Են Տեղաշարժը Քարագլուխ Բարձունքի Տարբեր Ուղղութիւններով

by MassisPost

Արցախի կառավարութեան հաղորդմամբ` ատրպէյճանական զինուած ուժերը  շարունակած են տեղաշարժն ու ակրեսիւ գործողութիւնները Քարագլուխ բարձունքի տարբեր ուղղութիւններով: Քանիցս տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ատրպէյճանական ներթափանցման բնոյթի գործողութիւնները կասեցուած են:

«Մարտավարական իրադրութիւնը շփման գծի տուեալ հատուածում շարունակում է լարուած մնալ, աշխատանքներ են տարւում ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ: Շփման գծի միւս հատուածներում իրավիճակը հանգիստ է», կը փոխանցեն Արցախէն:

Աւելի կանուխ եւս հաղորդուած էր, որ Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները Շաբաթ օր առաւօտեան կրկին դիմած են ակրեսիւ գործողութիւններու` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ փորձելով յառաջխաղացում ապահովել արեւելեան սահմանագօտիի ուղղութեամբ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան տակ գտնուող տարածքէն ներս:

«Ձեռնարկւում են քայլեր` խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ իրադրութեան հանգուցալուծման ուղիներ գտնելու ուղղութեամբ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հայկական կողմը հերքած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պնդումը, թէ այսօր առաւօտեան պաշտպանութեան բանակը ներթափանցման փորձ կատարած է ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներուն դէմ:

Արցախի կառավարութիւնը կը տեղեկացնէ որ,  ատրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակեն մնալ Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղի եւ յարակից Քարագլուխ բարձունքի մէկ կողմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment