Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Կազամատակարարման Վերականգնման Ուղղութեամբ Բանակցութիւնները Դեռ Կը Շարունակուին

Արցախի Մէջ Կազամատակարարման Վերականգնման Ուղղութեամբ Բանակցութիւնները Դեռ Կը Շարունակուին

by MassisPost

Արցախի մէջ կազամատակարարման վերականգնման ուղղութեամբ ռուս խաղաղապահներու միջոցով կատարուող բանակցութիւնները դեռ կը շարունակուին, սակայն բոլոր քայլերը այս պահուն անարդիւնաւէտ են, կ’ըսէ Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղարը: Թէ երբ հարցը կը լուծուի ու Արցախի մէջ կազ պիտի ըլլայ, որեւէ մէկը տեղեկութիւն չունի:

Այս պահին Արցախի մէջ սաստիկ ցուրտ է, կրկին ձիւն տեղացած է: Ովքեր հնարաւորութիւն ունին, տուները փայտի վառարաններով կը տաքցնեն: Բայց այստեղ ալ խնդիր յառաջացած է` փայտը այլեւս շատ դժուարութեամբ կը ճարուի:

«Բնականաբար, փայտի խնդիր էլ կայ: Ձեռք-ձեռքի տուած մէկս միւսից փայտ ենք վերցնում, գնում չոր ծառեր, կտրում ենք, բերում: Ով ինչով կարողանում է, իրար օգնում ենք, համախմբւում ենք», նշեց բնակիչներէն մէկը:

Ծանրաբեռնուածութեան պատճառով Արցախի մէջ պարբերական դարձած են նաեւ հոսանքի անջատումները:

Ջեռուցման բացակայութեան պատճառով, Արցախի դպրոցներուն մէջ ուսումնական գործընթացը կրկին դադրեցուած է, չեն գործեր նաեւ մանկապարտէզները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment