Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Երեւանին Խորհուրդ Կու Տայ «Չմիջամտել Ատրպէյճանի Ներքին Գործերուն»

Պաքուն Երեւանին Խորհուրդ Կու Տայ «Չմիջամտել Ատրպէյճանի Ներքին Գործերուն»

by MassisPost

Պաքուն Երեւանին խորհուրդ կու տայ «անհիմն» յայտարարութիւններ չընել եւ «չմիջամտել Ատրպէյճանի ներքին գործերուն»:

Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը պատասխանած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յայտարարութեան` Արցախի մէջ կազամատակարարման հերթական խափանման վերաբերեալ:

Պաքուն կը պնդէ, որ Հայաստանը կը միջամտէ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն:

«Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը կը փորձէ միջամտել Ատրպէյճանի ներքին գործերուն` օրեր առաջ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած միջոցառման միջազգային կազմակերպութիւններու մասնակցութեան, իսկ հիմա` այլ թեմայով», յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Լէյլա Ապտուլաեւան:

«Մենք Հայաստանին խորհուրդ կու տանք ապահովել եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւններուն կատարումը, այդ շարքին` տարածաշրջանէն զինուած ուժերու մնացորդներուն դուրսբերումը, եւ անով իսկ նպաստել տարածաշրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան, անհիմն եւ ապօրինի մեղադրանքներ չհնչեցնել», կ’ըսուի Ապտուլաեւայի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment