Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի Նախապայմանները Անընդունելի Հայաստանի Համար

Պաքուի Նախապայմանները Անընդունելի Հայաստանի Համար

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը  լծուած է դիւանագիտական աշխոյժ շփումներու ամրապնդելու համար Երեւանի դիրքերը, այն պահուն երբ բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ վրայ ու կայ մտավախութիւն, որ կովկասեան տարածաշրջանէն ներս տեղի կրնան ունենալ նոր զարգացումներ՝  բացասաբար ազդելու Հայաստանի վրայ: Հետեւաբար,  կարիքը կայ ապահովելու կարելի եղածին չափ լայն աջակցութեան շրջանակ: Այս ուղղութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Թոնի Պլինքընի եւ ապա Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի հետ, եւ նաեւ Երեւանի մէջ ընդունելով Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Այս քայլերուն նախորդեց Վարչապետի երկօրեայ այցելութիւնը Փարիզ ու հանդիպումները նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութիւնը Անթալիայի Դիւանագիտական Համաժողովին ու առանձին հանդիպումը Թուրք իր պաշտօնակից Չաւուշողլուի հետ եւս կ՛իյնար այս ծիրէն ներս ու կը միտէր բարի կամեցողութիւն ցուցաբերելու երկու երկիրներուն միջեւ վերջերս ծաւալուող բանակցութիւններուն կապակցութեամբ, գիտակցելով որ Թուրքիա կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի գլխաւոր հովանաւորը ու այս վերջինը չի կրնար շարժիլ առանց Անգարայի հետ համակարգելու իր քայլերը:

Վերջին օրերուն Պաքուի իշխանութիւնները հրապարակ նետեցին 5 կէտերէ բաղկացած առաջարկներու ծրար մը՝ իբրեւ թէ երկու երկիրներուն միջեւ հաշտութիւն կնքելու համար: Ներկայացուած սկզբունքներուն մէջ չկայ Լեռնային Ղարաբաղի մասին որեւէ ակնարկ եւ կը խօսուի «կողմերու տարածքային ամբողջականութիւնը՚ ճանչնալու մասին, որուն մէջ Ատրպէյճանի տրամաբանութեամբ  կ՛իյնայ նաեւ Արցախը: Նոյնպէս, ճանապարհային ուղիները եւ հաղորդակցութիւնները բանալու կէտին մէջ կայ «համապատասխան այլ հաղորդակցութիւններ» հաստատելու մասին խօսք: Այստեղ, շատ հաւանաբար ակնարկութիւնը կ՛երթայ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի  միջանցքի» մասին, որմէ Պաքու տակաւին չէ հրաժարած ու շաբաթավերջին Անթալիայի մէջ կայացած Դիւանագիտական Համաժողովին առընթեր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի ընթացքին դարձեալ խօսուած է այդ մասին:

Առաջին անգամ չէ որ, Պաքու նման առաջարկներ կը ներկայացնէ Հայկական կողմին: Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի, նախորդ անգամ Երեւան անպատասխան թողած է ներկայացուած նման առաջարկները: Այս անգամ սակայն Երեւան առանց բացայայտ մերժելու կամ անպատասխան ձգելու  ընտրած է նոր ռազմավարութիւն՝ դիմելով ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահութեան Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար: Երեւան այս առթիւ կ՛ակնարկէ ՄԱԿ Կանոնադրութեան, Քաղաքական եւ Քաղաքացիական Իրաւունքներու Միջազգային Դաշնագրի եւ Հելսինքիի Եզրափակիչ Վճիռներուն, որոնց վրայ պէտք է հիմնուին ապագայ բանակցութիւնները:  Միջազգային այդ ուխտերուն  յղում կատարելով Երեւան կ՛ուզէ յիշեցնել որ, հոն յստակ արձանագրուած է ժողովուրդներու ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը, որ նոյնքան կարեւորութիւնը ունի, ինչպէս հողային ամբողջականութեան սկզբունքը:

Հայաստան դիմելով Մինսքի Խումբի համանախագահութեան հաւանաբար կը փորձէ ձգձգել նման կարեւորագոյն հարցի շուրջ ներկայ հանգրուանին քննարկում սկսիլը: Մինսքի Խումբը կազմուած է Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ: Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք, Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ ստեղծուած ամբողջական խզումի լոյսին տակ դժուար թէ այդ երկիրները ներկայացնող դիւանագէտները հաւաքուին՝ քննելու համար Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հարցը: Նաեւ կայ այն պարագան, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Պաքու դադրած է գործակցիլ Մինսքի Խումբին հետ, անոր առաքելութիւնը նկատելով աւարտած:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարելով, թէ  Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու, յստակ կ՛ընէ որ, Երեւան այդ առաջարկութեան կէտերը կը նկատէ նախապայմանական ու պատրաստ չէ զանոնք քննարկել՝ անոնց ներկայ բովանդակութեամբ, մանաւանդ որ, «հաշտութեան» մասին խօսող Ատրպէյճանը կը շարունակէ սադրիչ իր գործողութիւններով Արցախի ու Հայաստանի սահմանները պահել լարուած ու կը խափանէ իր հսկողութեան տակ գտնուող կազի խողովակներու նորոգութիւնը՝ Արցախի ժողովուրդը զրկելով իրենց կենսական իրաւունքներէն:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment