Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Հայաստանի կառավարութեան փոխանցմամբ` երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անդրադարձած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին: Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի կողմէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ուղղուած դիմումին, որ կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու կազմակերպման:

Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ կողմերը հաստատած են Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշինքի հետագայ ամրապնդման փոխադարձ մտադրութիւնը:

Փաշինեան ու Փութին նաեւ միտքեր փոխանակած են հայ-թրքական երկխօսութեան, տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն, Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ:

Քննարկուած են նաեւ ՀՀ վարչապետին` յառաջիկային Ռուսաստան կատարելիք պաշտօնական այցին վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment