Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Վնասուած Կազատար Խողովակի Վերանորոգման Աշխատանքները Աւարտած Են

Արցախի Մէջ Վնասուած Կազատար Խողովակի Վերանորոգման Աշխատանքները Աւարտած Են

by MassisPost

Արցախի վնասուած կազատար խողովակի վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են, կը յայտնեն տեղեկատուական շտաբէն:

Հաշուի առնելով կազատարի` 10 օր շարունակ չգործելու հանգամանքը, այժմ կ’իրականացուին թեքնիք բնոյթի շարք մը աշխատանքներ կազի պատշաճ եւ անխափան փոխադրումն ու մատուցումը բաշխիչ ցանցերուն ապահովելու ուղղութեամբ: Նշուած աշխատանքները աւարտելէ յետոյ կազամատակարարումը պիտի վերականգնուի, կը հաղորդեն շտաբէն:

Արցախի ամբողջ տարածքին 11 օր կազ չկար, կազատարի արկածը Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ գտնուող տեղանքին մէջ է` Շուշիի մօտ: Ատրպէյճանական կողմը օրեր շարունակ թոյլ չէր տար մտնել արկածին վայրը ու վերանորոգել խողովակը: Կազի բացակայութիւնը բազմաթիւ խնդիրներ ստեղծած է` հացի արտադրութենէն, ջեռուցումէն մինչեւ ծանրաբեռնուածութեան պատճառով հոսանքի պարբերական անջատումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment