Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դեսպան Վարուժան ներսէսեան Իր հաւատարմագրերը Յանձնեց Եղիսաբեթ Երկրորդ Թագուհիին

Դեսպան Վարուժան ներսէսեան Իր հաւատարմագրերը Յանձնեց Եղիսաբեթ Երկրորդ Թագուհիին

by MassisPost

Մարտի 8-ին` Պաքինկհէմ  Պալատէն ներս, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Թագուհի`  Եղիսաբեթ Երկրորդին:

Հանդիպման ընթացքին դեսպանը շնորհաւորեց թագուհիին անոր գահակալման «փլաթինէ յոբելեանին» առթիւ, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ:

Nersessyan-Credentials-1

Դեսպանը ընդգծեց իր յանձնառութիւնը հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ու ընդլայնման:

Հաւատարմագիրերու յանձնման արարողութեան յաջորդեց ՀՀ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած ընդունելութիւնը, որուն ներկայ էին ՄԹ արարողակարգի ղեկավար, Մարշալ Ալիսթր Հարիսըն, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնեաներ,  դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, բրիտանացի խորհրդարանականներ, հոգեւորականներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ալիսթր Հարսոնն իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհաւորեց դեսպանին ` մաղթելով յաջողութիւններ յետագայ գործունէութեան մէջ:

Nersessyan-Credentials-2

Դեսպան Ներսէսեան իր ելոյթի ընթացքին նշեց, որ այս տարին ՀՀ-ի եւ ՄԹ-ի համար խորհրդանշական տարի է, քանզի կը տօնեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանը, ինչ որ կարեւոր հանգրուան է հայ-բրիտանական երկկողմ յարաբերութիւններուն խթան հաղորդելու եւ համագործակցութեան հեռանկարային ոլորտներ ուրուագծելու համար:

Այնուհետեւ դեսպանը հակիրճ ներկայացրեց 3 տասնամեակներու ընթացքին երկկողմ փոխգործակցութեան ձեռքբերումներն ու ապագայ անելիքները, Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու ընթացքը` բարձր գնահատելով ՄԹ կառավարութեան աջակցութիւնն այդ գործընթացներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment