Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Կողմը Թոյլ Չի Տար Սկսիլ Հայաստան-Արցախ Կազատարի Արկածի Վերացման Աշխատանքները

Ատրպէյճանական Կողմը Թոյլ Չի Տար Սկսիլ Հայաստան-Արցախ Կազատարի Արկածի Վերացման Աշխատանքները

by MassisPost

Արցախի Տարածքային Կառավարման Նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ «Արցախկազ»ը՝ Հայաստան-Արցախ կազատարը վնասուած է եւ ատրպէյճանական կողմը թոյլ չի տար, որ արկածի վերացման աշխատանք սկսին: Այժմ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ բանակցութիւններ կ’ընթանան աշխատանքը վերականգնելու համար:

Արկածը Լիսագորի հատուածին մէջ է:

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարեվերջին ալ Արցախի ջրմուղի աշխատակիցներէն մէկը արկածի վերականգնման աշխատանք կատարած պահուն գնդակահարուած էր ատրպէյճանցիներուն կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment