«Կրնաք ապաւինիլ Ֆրանսայի վճռական զօրաշարժին` ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ` հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական կարգաւորման նպատակով ապամագլցողական միջոցառումներու ընդունման եւ իրականացման», գրած է Էմանուէլ Մաքրոն՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով Նիկոլ Փաշինեանին յղած ուղերձին մէջ:
«Այս օրը նշելու եւ մեր ընդհանուր յաւակնութիւնը իրագործելու համար, փափաքեցայ Մարտ 9-ին Փարիզի մէջ կազմակերպել հանդիպում ֆրանս-հայկական համագործակցութեան դերակատարներու մասնակցութեամբ», Հայաստանի վարչապետին գրած է Ֆրանսայի նախագահը` շարունակելով․ «Երկխօսութեան այս հարթակը, որուն նպատակը հաստատակամօրէն դէպի ապագայ ուղղորդելն է, պիտի միաւորէ ֆրանսացի եւ հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, տեղական ինքնկառավարման մարմիններ, ձեռնարկութիւններ, ընկերակցութիւններ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ անհատներ ամենատարբեր բնագաւառներէ: Այն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ բոլոր անոնց, որոնք կեանքի կը կոչեն մեր մշակութային, գիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, նախանշել երկարաժամկէտ կառուցուածքային նախագիծեր` նպաստելու Հայաստանի կայուն զարգացման ու բարգաւաճման, շեշտը յատուկ դնելով Ձեր երկրի երիտասարդութեան վրայ: Ուրախ պիտի ըլլամ այս առիթով ընդունելու Ձեզ Փարիզի մէջ` նշելու մեր երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը»:
«Դարեր շարունակ ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդները կապող սերտ բարեկամութեան շնորհիւ մեր երկու երկիրները վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին կառուցած են ամուր, բազմազան եւ խոստումնալից գործընկերութիւն` յանուն ապագայի:
Ուրախ եմ, որ մեր քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական շփումները կը շարունակեն ալ աւելի ամրապնդուիլ` շնորհիւ տնտեսական համագործակցութեան ճանապարհային քարտէզի ընդունման, համաճարակային ճգնաժամի դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով պատուաստանիւթի չափաբաժիններու տրամադրման, ինչպէս նաեւ վերջերս Հայաստանի մէջ Ֆրանսական հիմնարկի ստեղծման», ըսուած է ուղերձին մէջ:
«Հաւատացէք, որ Ֆրանսան լիովին յանձնառու պիտի ըլլայ յառաջիկայ տարիներուն մեր գործընկերութեան ամրապնդման` դիմագրաւելու ժամանակակից աշխարհի բազմաթիւ մարտահրաւէրները», գրած է Մաքրոն Փաշինեանին: