Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վահագն Խաչատուրեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հինգերորդ Նախագահ

Վահագն Խաչատուրեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հինգերորդ Նախագահ

by MassisPost

Արտահերթ ընտրութիւններու երկրորդ փուլով,  Վահագն Խաչատուրեան ընտրուեցաւ Հայաստանի հինգերորդ նախագահ:

107 պատգամաւորէն նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլի քուէարկութեան մասնակցած են 71-ը, 71-ն ալ կողմ քուէարկած են: Մինչեւ քուէարկութիւնը, ամփոփիչ ելոյթով, կառավարող խմբակի անդամ, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցնող Վահագն Խաչատուրեանը տարբեր ձեւերով կը վստահեցնէր` հրապարակային բանավէճ-հակասութիւնները իր կողմէ բացառուած են, ինչին ոչ մէկ անգամ ականատես եղած ենք Արմէն Սարգսեանի նախագահութեան օրօք` կառավարութեան, Ազգային Ժողովին հետ:

Իսկ դահլիճին մէջ ինչպէս երէկ, այսօր ալ միայն իշխանական պատգամաւորներն էին, ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները կը պոյքոթէին նախագահի ընտրութեան հարցը:

«Համոզուած եղէք` ես ոչ աշխոյժ, ոչ ոչ-աշխոյժ անգործութեան չեմ մատնուելու, ընդհակառակը` համոզուած եմ, որ մեզ մօտ միասին ստացուելու է շատ բուռն ստեղծագործ աշխատանք», հաւաստիացուց ան:

Յառաջիկային պաշտօնական արարողութիւն կայ. հանրապետութեան նախագահը պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ազգային Ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին, որ արտահերթ ընտրութեան պարագային կը գումարուի հանրապետութեան նախագահի ընտրուելէն ետք 10-րդ օրը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, շնորհաւորելով նորընտիր նախագահը, յայտնեց. «Դուք պաշտօնն ստանձնում էք Հայաստանի ապագայի համար կարեւոր ժամանակահատուածում, երբ գտնւում ենք տարածաշրջանային եւ միջազգային մարտահրաւէրների բարդ շրջանում», գրած է Փաշինեան` վստահութիւն յայտնելով, որ նախագահին լիազօրութիւնները իրականացնելով Խաչատուրեանը պիտի նպաստէ իշխանութեան օրէնսդիր, գործադիր, դատական թեւերու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ հաւասարակշռման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment