Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ի Յատուկ Նստաշրջանին Հայաստան Ձեռնպահ Մնացած է Ռուսաստանը Դատապարտող Բանաձեւի Քուէարկութենէն

ՄԱԿ-ի Յատուկ Նստաշրջանին Հայաստան Ձեռնպահ Մնացած է Ռուսաստանը Դատապարտող Բանաձեւի Քուէարկութենէն

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի յատուկ նստաշրջանը Մարտ 2-ին բանաձեւ ընդունեց` դատապարտելով Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա «Յարձակում Ուքրանիոյ դէմ» վերնագրով բանաձեւին ՄԱԿ-ի 193 անդամներէն կողմ քուէարկած են 141-ը, դէմ` ընդամէնը 5-ը, ձեռնապահ մնացած է 35 երկիր: Հայաստանը ձեռնպահներու շարքին է, ինչպէս օրինակ` Չինաստանը, Հնդկաստանը, Իրանը եւ այլն:

Դէմ քուէարկած 5 երկիրներն են Ռուսաստանը, Պելառուսիան, Սուրիան, Հիւսիսային Քորէան ու Էրիթրիան:

12 երկիր, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանը, Թուրքմենստանը, Ուզպեքստանը, Վենեզուելան, Մարոքը, քուէարկութեան չեն մասնակցած:

ՄԱԿ-ի բանաձեւը կը դատապարտէ Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա եւ կը վերահաստատէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովին հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան ու տարածքային ամբողջականութեան:

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովին բանաձեւերը իրաւական պարտադիր ուժ չունին, բայց կ’արտացոլեն միջազգային ձեւաւորուած կարծիքը: Յատուկ նստաշրջաններու պարագային բանաձեւը ընդունուելու համար պէտք է ստանայ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ձայներուն 2/3-ը, ձեռնպահ քուէարկութիւնը հաշուի մէջ չէ:

Աւելի առաջ, Ռուսաստանը խափանած էր նոյնատիպ բանաձեւի ընդունումը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ, ուր ան վեթոյի իրաւունք ունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment