Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանն Ու Ալէն Սիմոնեանը Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Մարտ 1-ի Զոհերու Յիշատակին

Նիկոլ Փաշինեանն Ու Ալէն Սիմոնեանը Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Մարտ 1-ի Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ՀՀ նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Ալէն Սիմոնեան յարգանքի տուրք մատուցեցին 2008 թուականի Մարտ 1-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետեւանքով զոհուածներու յիշատակին:

2008 թուականի Մարտ 1-ի վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք իրենց բողոքը կը յայտնէին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ:

Նոյն օրը, աւելի ուշ, Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին վրայ եւ անոր մերձակայքին, ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներուն հետեւանքով տասը մարդ զոհուեցաւ, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան:

2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններէն 14 տարի անցած է, բայց 10 զոհերու մահուան հանգամանքները ցայսօր պարզուած չեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment