Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ «Էքոնոմիսթ»ի՝ Ժողովրդավարութեան Մակարդակով Հայաստանը Տարածաշրջանի Առաջատար Երկիրն Է

Ըստ «Էքոնոմիսթ»ի՝ Ժողովրդավարութեան Մակարդակով Հայաստանը Տարածաշրջանի Առաջատար Երկիրն Է

by MassisPost

2021 թուականին ժողովրդավարութեան մակարդակով Հայաստանը տարածաշրջանի առաջատար երկիրն է` աշխարհի 165 պետութիւններու շարքին գրաւելով 89-րդ տեղը: Սա կը վկայէ լոնտոնեան «Էքոնոմիսթ» հանդէսի հետազօտական յաւելուածի տարեկան զեկոյցը:

«Էքոնոմիսթ»-ի վերլուծաբանները պետութիւններու ժողովրդավարութեան մակարդակը շարք մը ոլորտներու մէջ կը գնահատեն 10 պալանոց սանդղակով եւ ընդհանուր յայտարարով Հայաստանը ստացած է 5, 49 միաւոր, որ աւելի լաւ ցուցանիշ է քան տարածաշրջանի միւս բոլոր երկիրները` Վրաստանը, Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Ռուսաստանը, Իրանը:

«Նախորդ տարուայ համեմատ Հայաստան բարելաւած է ցուցանիշները 0,14 պալով, ընդհանուր պալերը հասցնելով 5,49: Ինչպէս 2020-ին, այնպէս ալ 2021-ին գրաւած է նոյն 89-րդ տեղը, երկու աստիճան բարձր հարեւան Վրաստանէն», կ’արձանագրեն «Էքոնոմիսթ»-ի վերլուծաբանները, նշելով, որ 2021-ի Յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հանրային ուժեղ մանտաթ տուած են, ցնցումներու եւ դժգոհութիւններու ժամանակահատուածէն յետոյ:

«Պարոն Փաշինեանի եւ անոր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ջախջախիչ յաղթանակը որոշակի կայունութիւն բերաւ 2020-ի ընկրկումէն ու Ատրպէյճանի հետ պատերազմէն յետոյ: Այդ կառավարութեան հնարաւորութիւն տուաւ շարունակելու ժողովրդավարական բարեփոխումներու ծրագիրը: Այնուհանդերձ, չնայած ցուցանիշերու բարելաւման, Հայաստանի ժողովրդավարութեան մտահոգութիւնները կը մնան: Դատական համակարգի անկախութիւնը դեռ հարցականի տակ է, իսկ ընդդիմութիւնը` լուսանցքայնացած», նշուած է զեկոյցին մէջ:

«Էքոնոմիսթ»-ի վերլուծաբանները աշխարհի երկիրներու ժողովրդավարութեան մակարդակը կը գնահատեն հինգ չափորոշիչներով` ընտրական գործընթացներ ու բազմակարծութիւն, կառավարութեան արդիւնաւէտութիւն, քաղաքական ներգրաւուածութիւն, քաղաքական մշակոյթ, եւ հինգերորդը` քաղաքացիական ազատութիւններ: Որքան շատ են տրուած միաւորները, այնքան բարձր է ժողովրդավարութեան մակարդակը:

Հայաստանը ամենաշատ միաւորները` 10-էն 7,50 միաւոր ստացած է ընտրական գործընթացներու եւ բազմակարծութեան համար, քաղաքական ներգրաւուածութիւնը եւս բարձր գնահատուած է` 6 պալէն աւելին (6,11), բարձր միաւորներու առումով կառավարութեան արդիւնաւէտութիւնը երրորդն է` 5,71 միաւոր, Հայաստանի մէջ քաղաքացիական ազատութիւնները 5 միաւոր գնահատած են, իսկ ամենացածը քաղաքական մշակոյթը` ընդամէնը 3,13 միաւոր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment