Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Ռայիսին Հրաւիրած Է Հայաստան` Քննարկելու Երկկողմ Օրակարգի Հարցեր

Փաշինեանը Ռայիսին Հրաւիրած Է Հայաստան` Քննարկելու Երկկողմ Օրակարգի Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամինէիին եւ նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիին` Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 43-րդ տարեդարձին առիթով:

Հայաստանի համար առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի փոխադարձ վստահութեան եւ ջերմութեան մթնոլորտի մէջ թրծուած յարաբերութիւններու անխաթար ընթացքը հարեւան եւ բարեկամ Իրանի հետ, Ալի Խամինէիին ուղղուած ուղերձին մէջ ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Փաստելով, որ այս տարի կը նշուի երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը, Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը շեշտած է, որ այդ ընթացքը արձանագրած է զարգացման անշեղ ուղի, վստահութիւն յայտնելով որ հայ-իրանեան ջերմ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները նոր հորիզոններ կը նուաճեն` ի նպաստ երկու երկիրներու զարգացման եւ ժողովուրդներու բարօրութեան:

Կարեւորելով Հայաստանի եւ Իրանի նպատակաուղղուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գործին մէջ, Հայաստանի վարչապետը Իրանի նախագահին ուղղուած ուղերձին մէջ վերահաստատած է Հայաստան այց կատարելու անոր հասցէագրուած պաշտօնական հրաւէրը` քննարկելու երկկողմ օրակարգի հարցերը:

«Համոզուած եմ, որ համատեղ ջանքերի շնորհիւ յանձնառու կը լինենք հայ-իրանեան բարձր մակարդակի միջպետական յարաբերութիւնների խորացմանը, եւ մեր համագործակցութեան բազմատարր օրակարգն առաւել կ’ընդլայնուի` ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդների եւ երկրների», ըսուած է Փաշինեանի ուղերձին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment