ՀՀ արդարադատութեան նախարար, Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեան կը փափաքի իշխանութեան թեւերու հաւասարակշռում` բարեփոխումներու ծիրին մէջ հաւասարակշռուած դարձնելով, այսպէս կոչուած, «սուփըրվարչապետական համակարգը»:
«Մեր գործող Սահմանադրութիւնը որեւէ էական լծակներ ու կարողութիւններ չի տուել Հանրապետութեան նախագահին: Մենք տեսնում ենք, որ յաճախ մեզ մեղադրում են, որ վարչապետական շատ մեծ ազդեցութիւն կայ, ներկայիս սահմանադրութիւնը լծակները տուել է վարչապետին: Ճիշդ է, դա մեզանից է տանելու լիազօրութիւններ, բայց մենք պատրաստ ենք քննարկել եւ հաւասարակշռել իշխանութեան թեւերի միջեւ տարանջատումը: Եւ այն, ինչ տեղի ունեցաւ 2015-ին` իրական խորհրդարանական պետութիւն ստեղծելու հետ կապուած, ցաւօք սրտի, հաւասարակշռութիւնը խախտուած ստացուեց: Եւ դա է, որ կարծում եմ, պէտք է առաջին հերթին քննարկուի ու շտկուի», ըսաւ Անդրէասեան:
Ըստ նախարարին` միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ կառավարութենէն եւ վարչապետէն լիազօրութիւնները վերցնել ու տալ նախագահին կամ խորհրդարանին:
Անդրէասեան յատուկ շեշտեց, որ կառավարութիւնը, վարչապետը, անձամբ ինք չեն փափաքիր ուղղորդել, թելադրել Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդին, յանձնաժողովին, թէ որն է հաւասարակշռման ճիշդ ձեւը: Անդրէասեան նշեց, որ կ’աշխատի զուսպ խօսիլ այդ փոփոխութիւններուն մասին, որ չուղղորդէ յանձնաժողովը, որ պիտի ձեւաւորուի եւ աշխատի:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ՝ այսինքն պատրաստակա՞մ են, որ այսպէս կոչուած, «սուփըրվարչապետական» համակարգ չըլլայ, ան ըսաւ. «ընդհանրական իմաստով այո՛, մենք, այսպէս կոչուած «սուփըրվարչապետական համակարգը» կ’ուզենք դարձնել հաւասարակշռուած համակարգ:
Ան նկատեց, որ կայ քննարկում` վերադառնալու նախագահական, կիսանախագահական համակարգին: Ինք անձամբ դէմ է կառավարման համակարգի փոփոխութեան, բայց վստահ յստակ չի կրնար ըսել, թէ ինչ պիտի ըլլայ կառավարութեան մօտեցումը, քանի որ ոչ կառավարութեան մէջ, ոչ ալ կուսակցութեան մէջ վերջնական նման որոշում կայ: «Եւ դա բնական է, որ չկայ, որովհետեւ մենք չենք եկել թելադրելու այստեղ հաւաքուած մարդկանց, պատուէր չենք իջեցնում, թէ ինչպէս անեն: Մենք եկել ենք իրենց լսելու, յետոյ մասնագիտական յանձնաժողովին լսելու», ըսաւ ան` չբացառելով, որ գուցէ նաեւ իր կարծիքն ալ փոխէ:
Անդրադառնալով ՀՀ նախագահի պաշտօնէն Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին, ան նշեց, որ եթէ նախագահի հրաժարականին պատճառը որոշ լիազօրութիւններ չունենալն էր, ապա շտապած է: «Ինչու եմ ասում շտապեց, քանի որ հէնց այս խորհուրդը եւ գործընթացը պէտք է լուծէր այդ խնդիրները», ըսաւ Անդրէասեան: