Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ազգային Շահերուն Դէմ Քուէարկողները

Հայաստանի Ազգային Շահերուն Դէմ Քուէարկողները

by MassisPost

«Թրենսփերընսի Ինթերնեշընըլ» միջազգային կազմակերպութիւնը վերջերս հրապարակեց փտածութեան (քորուփցիայի) ընկալման 2021 թուականի արդիւնքները աշխարհի 180 երկիրներուն մէջ: Հայաստան ոչ միայն բարելաւած է իր դիրքը, այլ եւ առանձնացուած է որպէս յաջողութեան օրինակ: Զեկոյցը յատուկ կը շեշտէ որ, Հայաստանի մէջ ամրապնդուած են քաղաքացիական ազատութիւնները,  ճանապարհ հարթելով աւելի կայուն քաղաքացիական հասարակութեան առջեւ:

Այս զեկոյցով տրուած գնահատականները խօսուն մէկ օրինակ են Հայաստանի կառավարութեան փտածութեան դէմ վարած քաղաքականութեան, որուն շնորհիւ հարկային ու մաքսային տուրքերը, ինչպէս նաեւ միջազգային դրամաշնորհները մուտք կը գործեն պետական գանձէն ներս, փոխանակ իւրացուելու իշխանական խաւին ու անոնց մերձաւորներուն կողմէ: Այս գծով արձանագրուած յաջողութիւնները առիթ տուին որ, այս տարուայ պիւտճէն հասնի աննախընթաց` 4 միլիառ տոլարի, իր մէջ ընդգրկելով, ի շարս այլոց` աշխատավարձերու ու թոշակներու բարձրացում, նորածին երեխաներու ամսական գումար եւ բանակի արդիականացման նպատակով աւելի մեծ յատկացումներ:

Այս զեկոյցին յաջորդեց, անցեալ շաբաթ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական  Վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ քուէարկութեամբ հաստատուած Հայաստանի վերաբերեալ մէկ այլ զեկոյց, ուր արձանագրուած է  երկրի ժողովրդավարութեան առումով դրական յառաջընթացն ու զարգացումը: «Հայաստանը նշանակալի յառաջընթաց ունեցած է ժողովրդավարութեան զարգացման գործին մէջ 2018-էն սկսեալ, միեւնոյն ժամանակ երկիրը բախած է շարք մը իրադարձութիւններու, որոնք լուրջ ազդեցութիւն թողած են անոր հիմնարկներու գործունէութեան վրայ», նշուած է ԵԽԽՎ-ի փաստաթուղթին մէջ: Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ փաստաթուղթը կոչ ըրած է հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար եւ կայուն հանգուցալուծման` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ: ԵԽԽՎ բանաձեւը  կը պահանջէ վերադարձնել հայաստանցի բոլոր ռազմագերիները ու պահպանել մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնները:

Զեկոյցին մէջ կան նաեւ կառավարութեան ուղղուած կարգ մը թելադրանքներ` փոփոխութեան ենթարկելու ընտրական օրէնսգիրքը ու արտօնելու երկքաղաքացիներու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապաքրէականացնելու պետական պաշտօնեաներու նկատմամբ հասցուած ծանր վիրաւորանք:

Ինչպէս առաջին, նոյնպէս ալ երկրորդ զեկոյցը մեծ մասամբ դրական են Հայաստանի վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ: Նախկին իշխանութիւններու օրով նման գնահատականներու երբեք չէ արժանացած Հայաստանը եւ միջազգային բոլոր զեկոյցներուն մէջ մեծ մասամբ արժանացած է քննադատութիւններու:

ԵԽԽՎ-ի զեկոյցին դէմ քուէարկած են բնականաբար  Ատրպէյճանն ու Թուրքիան ներկայացնող պատգամաւորները, որոնց  զարմանալիօրէն միացած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կազմող` ընդդիմադիր պատգամաւորը, որ անդամ է նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորած «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան: Այս քուէարկութեան առթիւ բարձրացած աղմուկէն ու  մեղադրանքներէն ետք, պատգամաւորի այլ կուսակիցները օգնութեան հասնելով կը փորձեն  արդարանալ թէ, իրենց ընկերը դէմ քուէարկած է համաձայն  չըլլալով զեկոյցին մէջ ժողովրդավարութեան  մասին տրուած գնահատականներուն հետ: Սակայն, անհասկանալի կը մնայ թէ այդ պարագային ինչո՞ւ ձեռնպահ չմնալ ու չմատնուիլ նման անյարմար վիճակի: Դէմ քուէարկելով անոնք դէմ կը քուէարկեն նաեւ գերիներու ազատ արձակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի արդար լուծման` Մինսքի Խումբի հովանիին տակ:

Անցեալին, ԵԽԽՎ-ի նիստերուն  ընդդիմադիր ներկայացուցիչները կը միանային իշխանական պատգամաւորներուն եւ մէկ ճակատով կը ներկայանային միջազգային ատեաններուն մօտ: Այսօրուայ  իշխանութիւնները «ապազգային» ու «դաւաճան» կոչողները, անգամ մը եւս ցոյց տուին իրենց իսկական դիմագիծը, փաստելով որ, նախկին աթոռներուն վերադառնալու համար պատրաստ են գործելու Հայաստանի ու Հայութեան շահերուն դէմ:

Գ. Խոտանեան
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment