Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Աւստրիոյ Միջեւ Փոխգործակցութեան Մեծ Ներուժ Կայ

Հայաստանի Եւ Աւստրիոյ Միջեւ Փոխգործակցութեան Մեծ Ներուժ Կայ

by MassisPost

Հայաստանի եւ Աւստրիոյ միջեւ փոխգործակցութեան մեծ ներուժ կայ, յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, աշխատանքային այցով Երեւան գտնուող Աւստրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկի հետ հանդիպման ընթացքին:

Փաշինեան, նշելով, որ այս տարի լրացած է Հայաստանի եւ Աւստրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը, ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ փոխգործակցութեան մեծ ներուժ կայ: Զայն իրացնելու ծիրին մէջ, Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ Հայաստանի ու Աւստրիոյ կառավարութիւններու աշխոյժ փոխգործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Միաժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է Երեւանի մէջ հայ-աւստրիական գործարար համագումարի կայացումը, ինչ որ պիտի նպաստէ մասնաւոր հատուածներու միջեւ կապերու ընդլայնման, համատեղ նոր ներդրումային ծրագրերու մշակման ու իրականացման, երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելացման:

Ալեքսանտր Շալենպըրկ նշած է, որ Հայաստանի իր գործընկերոջ հետ ունեցած է արդիւնաւէտ բանակցութիւններ եւ նշած է, որ Աւստրիան շահագրգիռ է Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացմամբ բոլոր ուղղութիւններով: Աւստրիոյ արտաքին գործերու նախարարը ողջունելի համարած է ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումները` ընդգծելով, որ իր երկիրը պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանին՝ անոնց հետագայ արդիւնաւէտ ընթացքը ապահովելու գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան եւ Շալենպըրկ քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման հնարաւորութիւններուն եւ անոր համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովման վերաբերող հարցեր:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Ալեքսանտր Շալենպըրկ անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ բանակցային գործընթացի վերսկսման ու համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Այդ առումով, կարեւորուած է Մինսքի խմբակի համանախագահներու տարածաշրջան նախատեսուող այցին իրականացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment