Հայ-վրացական յարաբերութիւններուն մէջ նոր աշխուժութիւն կայ, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընդունելով Վրաստանի ներքին գործերու նախարար Վախթանգ Կոմելաուրին:
Վերջինս կարեւորած է երկու երկիրներու իրաւապահ համակարգերու համագործակցութեան հաստատումը` նկատելով. «Այդ կարեւոր է մեր երկիրներու անվտանգութեան, իրաւակարգի պահպանութեան համար»:
Վախթանգ Կոմելաուրին, իր հերթին, ողջունած է Պարեկային ծառայութիւնը, որ կը կիրառուի Հայաստանի մէջ:
Անոնք խօսած են նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ ոլորտային բարեփոխումներուն մասին, կիսուած են տեղեկատւութեամբ՝ պարեկային ծառայութեան բարեկարգումի ընթացքին եւ արդիւնքներուն շուրջ:
Աւելի շուտ, Հայաստան կը գտնուէր Վրաստանի արդարադատութեան նախարարը:
Երկու երկիրներու յարաբերութիւններու աննախադէպ դրական ու նոր փուլի մասին տարեվերջին կայացած հանդիպման ընթացքին բարձրաձայնած էին ե՛ւ Ղարիպաշվիլին, ե՛ւ Փաշինեանը: