Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դրական Ազդակներ Կան Հայ-Թրքական Բնականոնացման Գործընթացի Բարեյաջող Ընթացքին Մասին. Միրզոյեան

Դրական Ազդակներ Կան Հայ-Թրքական Բնականոնացման Գործընթացի Բարեյաջող Ընթացքին Մասին. Միրզոյեան

by MassisPost

Երկօրեայ աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած՝ Աւստրիոյ եւրոպական եւ արտաքին գործերու դաշնային նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու առումով Հայաստանի դիրքորոշման մէջ նախորդ երեսուն տարիներուն մեծ հաշուով ոչինչ փոխուած է, ու Երեւանը կողմ է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմանի վերաբացման:

«Ահա այս նպատակադրումով, այս ակնկալիքով է, որ մենք մտել ենք այս երկխօսութեան գործընթացի մէջ: Գիտէք, որ առայժմ տեղի է ունեցել մէկ հանդիպում: Պէտք է ասեմ, որ առաջին հանդիպումը ի հարկէ շատ բովանդակային հարցերի չի կարողացել անդրադառնալ, բայց կան որոշակի դրական ազդակներ, որ գործընթացը կ’ընթանայ բարեյաջող: Բայց կրկնում եմ` սա այն հարցերից է, որոնք ակնյայտօրէն միայն մէկ կողմի դիրքորոշումից չեն կախուած», ըսաւ Միրզոյեան:

«Այո՛, ես եւ պարոն Ռուբինեանը հրաւէր ենք ստացել մասնակցելու Անթալիայի միջոցառմանը: Մենք միջոցառումը քննարկել ենք նաեւ պարոն Շալենպըրկի հետ քիչ առաջ: Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւնը այս մասով դեռեւս որոշում չունի, հարցը քննարկւում է: Ուղղակի ուզում եմ նշել, որ ըստ էութեան կարեւոր է ընդգծել, որ երկկողմ այց չի եւ երկկողմ ծիրի մէջ պէտք չի դիտարկել: Սա միջազգային դիւանագիտական իրադարձութիւն է, որին կարող է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշի մասնակցել: Ես այդտեղ ոչ միայն խնդիր չեմ տեսնի, այլեւ կարծում եմ, որ նոյնիսկ եթէ այն շաղկապենք Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան հետ, դրական երանգներ հաղորդելուց բացի, այլ բան չունի», նշեց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն անդրադարձաւ նաեւ Շալենպըրկը` նշելով, որ շատ հետաքրքրական է ականատես ըլլալ այն զգուշաւոր քայլերուն, որոնք ուղղուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման, ինչ որ շատ մեծ քայլ պիտի ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանին համար. «Այո՛, մենք քննարկած ենք Անթալիոյ [դիւանագիտական համագումարին մասնակցելու հարցը]: Վստահ չենք` եթէ այնտեղ դուք կը հանդիպիք, սակայն կը կարծեմ այն Թուրքիոյ կողմէ կատարուած լաւ վարմունք է` հրաւիրել տարածաշրջանի գործընկերները»:

Ալեքսանտր Շալենպըրկ Երեւան ժամանած է շուրջ երկու տասնեակ աւստրիացի գործարարներու ուղեկցութեամբ: Վաղը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ հայ-աւստրիական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ եւ գործարար համաժողով. «Հոգ կը տանինք եւ պիտի շարունակենք հոգ տանիլ տարածաշրջանին մասին, պիտի շարունակենք յանձնառու ըլլալ տարածաշրջանին, Հայաստանի նկատմամբ, հետաքրրքուած ենք եւ կը հաւատանք, որ առկայ է մեծ ներուժ»:

Երկու օր առաջ այցելելով Ատրպէյճանի մեծութեամբ երկրորդ քաղաք` Գեանճա, նախագահ Իլհամ Ալիեւը վերստին սուր յայտարարութիւններ հնչեցուցած էր Հայաստանի ու հայերու հասցէին, ինչ որ նախորդ շաբաթներուն չէր ըրած: Ան, մասնաւորապէս, նշած է, թէ ծունկի բերած են Հայաստանը, պարտութեան մատնած: Ըսած է, որ Ատրպէյճանը կը յայտարարէ, թէ խաղաղութիւն պէտք է, սակայն «պէտք չէ մոռնանք հայկական գազանութիւնները, հայկական ֆաշիզմը»:

Հակահայ հռետորաբանութիւնը, սահմանին յարձակողական քայլերը եւ մարդասիրական խնդիրները չլուծելը չեն նպաստեր կառուցողական մթնոլորտի ստեղծման. Միրզոյեան

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը արձագանգեց. «Հակահայ հռետորաբանութիւնը, յարձակողական հռետորաբանութիւնը, սահմանին յարձակողական քայլերը եւ մարդասիրական խնդիրը չլուծելը` օրինակ, ռազմագերիների շարունակական առկայութիւնը Ատրպէյճանում, մեղմ ասած, չեն նպաստում կառուցողական մթնոլորտի ստեղծմանը»:

Միրզոյեան յաւելեց, որ Ատրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցումը ակնառու է նաեւ այլ հացերու մէջ. Պաքուն կը փորձէ սահմանափակել Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի աշխատանքը Արցախի մէջ. «Նրանք պարտադրում են ոչ միայն այլ միջազգային կառոյցների, այլեւ նոյնիսկ Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէին, որ զուտ մարդասիրական կազմակերպութիւն է, մարդասիրական նպատակներ հետապնդող կազմակերպութիւն է եւ որեւէ քաղաքական ենթաշերտ չունի, եւ ահա Ատրպէյճանը պարտադրում է նոյնիսկ Միջազգային Կարմիր Խաչին տեղաւորուել այն քաղաքականութեան մէջ, որը իրենք են տեսնում: Սա միակ կազմակերպութիւնն է, որը այս տարիների ընթացքում ունեցել է ներկայութիւն, մուտք ու ելք է ունեցել Լեռնային Ղարաբաղ: Եւ այժմ Ատրպէյճանը ըստ էութեան նոյնիսկ սա է սահմանափակում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment