Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Վրացական Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Աշխուժութիւն Կայ. Փաշինեան

Հայ-Վրացական Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Աշխուժութիւն Կայ. Փաշինեան

by MassisPost

Հայ-վրացական յարաբերութիւններուն մէջ նոր աշխուժութիւն կայ, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընդունելով Վրաստանի ներքին գործերու նախարար Վախթանգ Կոմելաուրին:

Վերջինս կարեւորած է երկու երկիրներու իրաւապահ համակարգերու համագործակցութեան հաստատումը` նկատելով. «Այդ կարեւոր է մեր երկիրներու անվտանգութեան, իրաւակարգի պահպանութեան համար»:

Վախթանգ Կոմելաուրին, իր հերթին, ողջունած է Պարեկային ծառայութիւնը, որ կը կիրառուի Հայաստանի մէջ:

Անոնք խօսած են նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ ոլորտային բարեփոխումներուն մասին, կիսուած են տեղեկատւութեամբ՝ պարեկային ծառայութեան բարեկարգումի ընթացքին եւ արդիւնքներուն շուրջ:

Աւելի շուտ, Հայաստան կը գտնուէր Վրաստանի արդարադատութեան նախարարը:

Երկու երկիրներու յարաբերութիւններու աննախադէպ դրական ու նոր փուլի մասին տարեվերջին կայացած հանդիպման ընթացքին բարձրաձայնած էին ե՛ւ Ղարիպաշվիլին, ե՛ւ Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment