Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վահագն Խաչատրեանը Իշխող «Իմ Քայլը» Խմբակցութեսն Հայաստանի Նախագահի Թեկնածուն է

Վահագն Խաչատրեանը Իշխող «Իմ Քայլը» Խմբակցութեսն Հայաստանի Նախագահի Թեկնածուն է

by MassisPost

Բարձր արհեստագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատրեան, ըստ էութեան, կը հաստատէ, որ իշխող ուժին կողմէ նախագահի թեկնածու դառնալու առաջարկ ստացած է: Խաչատրեան, սակայն, սխալ համարեց այդ մասին խօսիլը, քանի դեռ չկայ գործող նախագահի լիազօրութիւններու դադրեցման մասին պաշտօնական որոշումը:

«Այդ խօսակցութիւնը պէտք է տեղի ունենայ վաղը, եւ գեղեցիկ չի լինի, որ այսօր որեւէ մեկնաբանութիւն անենք, մարդը դեռեւս հնարաւորութիւն ունի, կարող է իր դիմումը ետ վերցնել», ըսաւ Խաչատրեան:

«Նման խօսակցութիւն դեռ չի եղել», այսպէս արձագանգեց Խաչատրեանը «Փաշինեանէն առաջարկ ստացե՞լ էք» հարցին: Բայց զարմացած չէ, որ իր անունը կը շրջանառուի մամուլին մէջ: Առաջիններէն մէկը այս մասին, ի դէպ, գրեց վարչապետի ընտանիքին պատկանող «Հայկական Ժամանակ»ը: Առանց յստակ աղբիւր նշելու` Խաչատրեանի հաւանական թեկնածութեան մասին յայտնեցին նաեւ պետական «Արմենփրես» գործակալութիւնն ու Հանրային հեռուստաընկերութիւնը:

«Անակնկալ է այնքանով, որ անակնկալ էր ինչ-որ տեղի ունեցաւ մէկ շաբաթ առաջ: Դրանից առաջ իմ մտքով էլ չէր կարող անցնել երբեւիցէ, որ կարելի է ընդհանրապէս դառնալ այդ պաշտօնի մասին գոնէ մտածող մարդ: Տեսականօրէն պէտք է շրջանառուէր: Պարզ ասեմ` հաշուի առնելով բոլոր այն չափանիշները, որ կայ` 40 տարեկանից բարձր, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, ահագին ճանապարհ անցած մարդ, նաեւ այսօր նախարար, այդ պայմաններում կարելի է ենթադրել, որ ես կարող եմ յայտնուել այդ ցուցակում», նշեց բարձր արհեստագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարարը:

Չորս տարի պաշտօնավարած նախագահ Արմէն Սարգսեանը մէկ շաբաթ առաջ խորհրդարանին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է եւ եօթը օր ունէր զայն ետ վերցնելու համար: Ազգային Ժողովի նախագահի մամուլի խօսնակ Ծովինար Խաչատրեան ըսաւ` աշխատանքային օրուայ աւարտին նախագահը դիմումը ետ չէ վերցուցած:

«Վաղուանից արդէն կը կազմուի համապատասխան արձանագրութիւնը, որից յետոյ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը ժամանակաւորապէս կը փոխարինի հանրապետութեան նախագահին», ըսաւ Խաչատրեան:

Համաձայն Սահմանադրութեան, նախագահի պաշտօնը թափուր մնալէն ոչ շուտ քան 25, եւ ոչ ուշ քան 35 օր յետոյ տեղի կ’ունենայ նախագահի արտահերթ ընտրութիւն: Մինչեւ նորընտիր նախագահին կողմէ պաշտօնի ստանձնումը նախագահի լիազօրութիւնները պիտի կատարէ Ազգային Ժողովի նախագահը: Ալէն Սիմոնեանի պարտականութիւնները այդ ընթացքին պիտի կատարէ ԱԺ փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանը:

«Առաւել ձայներ ստացած Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալը Յակոբ Արշակեանն է: Ալէն Սիմոնեանը թերեւս կը տեղափոխուի նախագահական», ըսաւ Ազգային Ժողովի նախագահին մամուլի խօսնակը:

Աւելի շուտ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, խօսելով նոր նախագահին մասին, ըսած էր, որ ան պէտք է ըլլայ իրենց քաղաքական խմբակին ներդաշնակ մարդ: «Վարչապետի այս ձեւակերպումը Ձեզ համար կաշկանդող չէ՞», հետաքրքրուեցանք Խաչատրեանէն, ըսաւ, ոչ, աւելին՝ իր պատկերացումները եւս այդպիսին են:

«Այդպէս էլ պէտք է լինի, ի վերջոյ ես կարծում եմ` ամէն իմ բացասական մօտեցումներով կառավարման այս համակարգին, երեւի յիշում էք 2015 թուականին էլ մեր պայքարը, դրանից առաջ էլ, բոլորս էլ յիշում ենք, թէ ինչ պայմաններում էր ընդունուել եւ, ցաւօք սրտի, ճիշդ դուրս եկանք, որ այս կառավարման համակարգը ունի լրջագոյն թերութիւններ` հաշուի առնելով մի հանգամանք, որ մենք դեռեւս լիարժէք կայացած ժողովրդավարական երկիր չէինք», արձագանգեց ան:

Արմէն Սարգսեան հրաժարական ներկայացուցած ժամանակ յայտնեց, որ «նախագահը չունի անհրաժեշտ գործիքներ` երկրի եւ ազգի համար ներկայիս բարդ ժամանակներում ազդելու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան արմատական գործընթացների վրայ»:

Վահագն Խաչատրեանը առաջարկեց նախագահին սահմանափակ լիազօրութիւններուն մասին խօսիլ վաղը. «Բոլոր դէպքերում կայ Սահմանադրութիւն, որով ապրում ենք, եւ այդ Սահմանադրութեամբ այն պաշտօնները, որոնք կան, այդ թւում նաեւ երկրի նախագահի, ունեն որոշակի լիազօրութիւններ եւ այդ Սահմանադրութեան տրամաբանութեան մէջ այդ լիազօրութիւնները պէտք է կատարուին»:

Նախագահի ընտրութեան համար առաջին փուլին անհրաժեշտ է 81 ձայն, իշխող խմբակցութիւնը առաջին փուլին միայնակ չի կրնար ընտրել, քանի որ 71 պատգամաւոր ունի: Սահմանադրութեամբ կը նախատեսուի եւս երկու փուլ: Երկրորդ եւ երրորդ փուլերուն համար աւելի պակաս քուէ անհրաժեշտ է` 65 եւ 54 ձայն, երկրորդ փուլին իշխող խմբակը արդէն միայնակ կրնայ իր առաջադրած թեկնածուն նախագահ ընտրել: Վահագն Խաչատրեանը ըսաւ` իրեն համար կարեւոր է ստանալ նաեւ ընդդիմութեան ձայները:

«Ես կարծում եմ` ցանկացածի համար կարեւոր է, որ հէնց ընդդիմութիւնն էլ լինի, որովհետեւ ի վերջոյ այս պաշտօնը նաեւ դրա համար է` համերաշխութեան», ընդգծեց նախարարը:

Խորհրդարանական ընդդիմութենէն` «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» դաշինքներէն արդէն իսկ յայտարարած են` իշխանութեան թեկնածուին պիտի չաջակցին, բայց Վահագն Խաչատրեանի թեկնածութեան մասին մեկնաբանութիւն ընելը դեռ շուտ կը համարեն: Կը սպասեն պաշտօնական առաջադրման:

Ի դէպ, 62-ամեայ նախարարը այսօր մէկ հարց յստակացուց: Խաչատրեա՞ն, թէ՞ Խաչատուրեան: Տարիներ առաջ փաստաթուղթերու մէջ վրիպակի պատճառով իր ազգանունը դարձած է Խաչատուրեան, որն ալ նշուած է կառավարութեան կայքին մէջ: Ինքը «խաչատրեան»ի կողմնակիցն է. «Խաչատրեան ինձ համար աւելի հարազատ է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment