Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ճոնսըն Կը Վերահաստատէ Միացեալ Թագաւորութեան Աջակցութիւնը ՀՀ Ջանքերուն` Միջազգային Համագործակցութեան Միջոցով Հասնելու Խաղաղութեան

Ճոնսըն Կը Վերահաստատէ Միացեալ Թագաւորութեան Աջակցութիւնը ՀՀ Ջանքերուն` Միջազգային Համագործակցութեան Միջոցով Հասնելու Խաղաղութեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը` երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ:

Ճոնսըն ընդգծած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը Միացեալ Թագաւորութեան համար:

«Այս նշանակալից տարեդարձին առիթով կը փափաքիմ վերահաստատել Միացեալ Թագաւորութեան աջակցութիւնը Հայաստանի ջանքերուն` միջազգային համագործակցութեան միջոցով հասնելու խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ ածխածնի արտանետումները կրճատելու յանձնառութեան: Կլիմայի փոփոխութեան համագումարի 26-րդ գագաթաժողովին Հայաստանը արժէքաւոր ներդրում ունեցած է կլիմայի փոփոխութեան դէմ համաշխարհային պայքարին, եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը պատրաստակամ է աջակցելու ձեզ այդ յաւակնոտ նպատակներուն հասնելու գործին մէջ:

Միացեալ Թագաւորութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան գործընկերն է եւ պիտի շարունակէ մնալ այդպիսին: Լիայոյս եմ, որ մեր գործընկերութիւնը շարունակական զարգացում կ’ապրի գալիք տարիներուն», նշուած է Անգլիոյ վարչապետին ուղերձին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment