Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Պայտըն Բոլորեց Պաշտօնավարման Մէկ Տարին

Նախագահ Պայտըն Բոլորեց Պաշտօնավարման Մէկ Տարին

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն բոլորեց իր պաշտօնավարման առաջին տարին:

Ան այս առթիւ հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիս, որ Ամերիկայի նախագահական մամլոյ ասուլիսներու ամենէն  երկարներէն մէկն էր: Պայտըն նախատեսուած ժամանակէն աւելի մնալով լրագրողներուն հետ, փորձեց պատասխանել իրեն ուղղուած` ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող բոլոր հարցերուն: Այսպիսով  79 ամեայ նախագահը կ’ուզեր փարատել իր առողջութեան, յիշողութեան եւ տոկունութեան շուրջ իր  հակառակորդներուն կողմէ երբեմն-երբեմն հնչող կասկածները:

Նախագահ Պայտըն իր պաշտօնի ստանձման առաջին ամիսներուն ունէր բաւական բարձր վարկանիշ: Սակայն, վերջին մի քանի ամիսներուն այդ վարկանիշը մեծ անկում արձանագրած է: Տարբեր հարցախոյզերու համաձայն, նախագահի աշխատանքէն գոհ են ժողովուրդի 33-էն 43 տոկոսը միայն: Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով  Պայտըն մեծապէս կը տուժէ շարունակուող համաճարակին եւ ամէն տեսակի սպառողական ապրանքներու, ուտեստեղէնի եւ քարիւղի սղաճին պատճառաւ: Գիներու ամէնօրեայ բարձրացումը զգալիօրէն կ’ազդէ քաղաքացիներու գրպանին եւ այս կը մղէ շատերուն մեղադրելու երկրի ղեկավարին: Հակառակ որ, Պայտընի պաշտօնավարման առաջին 12 ամիսներուն աննախընթաց թիւով մեծ` 6.4 միլիոն նոր աշխատատեղեր բացուած են, իսկ անգործութիւնը նուազած է, հասնելով 3.9 տոկոսի:

Միւս կողմէ, Դեմոկրատներու հսկողութեան տակ գտնուող Գոնկրէսի երկու Պալատները ձախողեցան վաւերացնել երկու կարեւոր օրինագիծեր, որոնք առաջնահերթութիւն կը ներկայացնէին Պայտընին համար: Առաջինը կը վերաբերէր ընկերային քաղաքականութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան  դէմ պայքարին, իսկ երկրորդը` ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութեան` պաշտպանելու համար փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս սեւամորթ ամերիկացիներու քուէարկելու իրաւունքը, որ Հանրապետականներու կողմէ ղեկավարուող նահանգներէն ներս  կ’ենթարկուին փոփոխութեան` նոր սահմանափակումներ ու խոչընդոտներ դնելով ընտրողներուն առջեւ: Այս երկու օրինագիծերու վաւերացումը ձախողեցաւ Դեմոկրատ օրէնսդիրներու միջեւ ծագած ներքին  անհամաձայնութիւններուն պատճառաւ: Ժողովուրդի տարբեր հատուածներ այս ձախողութեան համար եւս կը մեղադրեն գործող նախագահին:

Նախագահ Պայտընի մամլոյ ասուլիսի կարեւոր մէկ մասը յատկացուած էր արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկապէս Ուքրանիոյ շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Ամերիկայի նախագահը մեղադրեց Ռուսաստանը, ըսելով թէ Ուքրանիոյ սահմանին 100 հազարի հասնող զօրք կուտակելով նախագահ Փութին կը   պատրաստուի յարձակելու Ուքրանիոյ վրայ: Պայտըն շեշտեց, որ այս քայլը անընդունելի է Միացեալ Նահանգներուն համար եւ դէպքերու նման զարգացումի պարագային ան խոստացաւ, Արեւմուտքի իր  դաշնակիցներուն հետ միասին, խիստ պատժամիջոցներ սահմանել Մոսկուայի դէմ եւ կաթուածահար ընել Ռուսաստանի տնտեսութիւնը: Ան սակայն փոքր պատուհան մը բանալով ըսաւ թէ, մօտ ապագային Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի դաշինքի կազմէն ներս առնելու ծրագիրներ չկան: Այս պարագան Ռուսաստանի գլխաւոր  պահանջներէն մին կը հանդիսանայ` զինուորական այդ դաշինքը հեռու պահելու համար իր սահմաններէն:

Այսպիսով, Նախագահ Պայտըն իր պաշտօնավարման առաջին տարին բոլորեց ներքին ու արտաքին տագնապներու առկայութեան: Այս տարի տեղի պիտի ունենան նախագահական կիսաշրջանի գոնկրէսական ընտրութիւնները: Պատմականօրէն, Սպիտակ Տան բնակիչի կուսակցութիւնը կը կորսնցնէ նման  ընտրութիւններուն: Մեծ է հաւանականութիւնը, որ յառաջիկայ Նոյեմբերին Ներկայացուցիչներու Տունը անցնի Հանրապետականներուն ձեռքը: Նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ Ծերակոյտէն ներս: Դէպքերու նման զարգացումի պարագային, Պայտընի վերջին երկու տարիները կրնան վերածուիլ «դժոխքի», քանի որ Հանրապետականները  ընթացք  պիտի չտան Նախագահի ծրագիրներուն` զինք մատնելով անգործութեան:

Պայտըն պէտք ունի յիշեցնելու ժողովուրդին` առաջին ամիսներու իր յաջողութիւններու մասին, երբ վաւերացուեցան ենթակառոյցներու նորոգութեան 2 թրիլիոն տոլարի օրինագիծը եւ նոյնքան հարուստ` տնտեսութեան խթանման օրինագիծը, որուն շնորհիւ իւրաքանչիւր Ամերիկացի ստացաւ 2000 տոլար կանխիկ գումար: Նախագահին առջեւ կայ շատ կարճ ժամանակ` համոզելու ժողովուրդին, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի կարողանայ յաղթահարել ներքին ու արտաքին բոլոր մարտահրաւէրները:

Գ. Խոտանեան
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment